ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր զաւակին՝ Նարեկ Սարգսեանի արտայանձնման շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին: Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան փոխանցեց, որ արտայանձնման թուղթերը արդէն ուղարկուած են Փրակ:
«Դեկտեմբերի 28ին յանձնման համար անհրաժեշտ փաստաթղթերը Գլխաւոր դատախազութիւնից ուղարկուել են Չեխիայի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններին: Այս պահին այլ մանրամասներ չեմ կարող ասել», աւելցուց Խաչատրեան:
Յանձնման մասին եւրոպական ուխտին համաձայն՝ այլ երկրի պահանջով ձերբակալուած անձը նախնական կալանքի տակ կրնայ պահուիլ առաւելագոյնը 40 օր, եւ եթէ այս ընթացքին Հայաստան արտայանձնման դիմում չներկայացնէ, Չեխիոյ իշխանութիւնները կրնան Նարեկը ազատ արձակել: Արտայանձնման ժամկէտը կը լրանայ Յունուարի կիսուն:
Փրակի մէջ յայտնաբերման պահուն, Նարեկ Սարգսեան ներկայացուցած էր Կուաթեմալայի քաղաքացիի կեղծ անձնագիր՝ Ֆրանքլին Կոնզալես անունով:
Ալեքսանդր Սարգսեանի 37ամեայ որդին կը գտնուէր միջազգային հետախուզման մէջ:
Նշենք, որ Սարգսեան 6 Դեկտեմբերին ձերբակալուած էր Փրակի մէջ: