Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան 8 Յունուարին, «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները առաջարկած են, որ Յունուարին տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը:
«ԵԱՀԿ Մինսկի Խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկ ներկայացուած է Յունուարին, արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը իրականացնելու: Հանդիպումին մասին յայտարարութիւնը պիտի կատարուի համաձայնուած կարգով», ըսաւ Նաղդալեան: