ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի զինեալ ուժերու Սպայից Վարժարանի պատասխանատու գնդապետ Կրեցաս Նիքոլաոսի հրաւէրով, Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբերի առաւօտուն ներկայ գտնուեցան Սպայից վարժարանի առաջին տարուան ուսանողներու երդման արարողութեան: Երդուող ուսանողներուն մէջ մէկ հայ ուսանող կը մասնակցէր արարողութեան: Կան ինը այլ հայ ուսանողներ, որոնք աւելի բարձր կարգերու մէջ կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը:
Արարողութենէն առաջ Սպայից վարժարանի տնօրէնութեան փափաքով, առաջնորդ սրբազանը ու Ազգային վարչութեան ատենապետը առանձին հանդիպում մը ունեցան հայ ուսանողներուն հետ եւ շնորհաւորեցին ու քաջալերեցին զանոնք՝ իբրեւ Հայաստանի բանակի ապագայ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Այս առիթով, սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նաեւ հայ ուսանողներուն:
Երդման արարողութեան աւարտին, առաջնորդը եւ Պօղոս Չոլաքեան հանդիպեցան Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոսի հետ, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկայութեան համար՝ հաստատելով, որ հայ ուսանողները յաջող ու փայլուն մասնակցութիւն կը բերեն Սպայից վարժարանի դասընթացներուն:
Անոնք առիթը ունեցան նաեւ հանդիպելու պաշտպանութեան փոխնախարարուհի Մարիա Քոլիա-Ցարուխայի եւ Յունաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ծովակալ Էվանկելոս Ափոսթոլաքիսի հետ:
Ուսանողներու տողանցքի ա-ւարտին, առաջնորդը եւ Պ. Չոլաքեան ներկայ եղան պաշտօնական հիւրասիրութեան:
«ԱԶԱՏ ՕՐ»