«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կլոր թիւ չէ 283ը, բայց նոր տարի կը սկսինք, եւ մեր կարծիքով, կ՛արժէ անդրադառնալ այս թիւին, որ կը ներկայացնէ Կլենտէյլի, Պըրպենքի եւ Լա Քրեսենթայի տարածքին հայկական հաստատութիւններու եւ նպարավաճառներու մէջ անվճար տրամադրուող «Ասպարէզ»ի Հինգշաբթի օրերու թիւերուն ընդհանուր գումարը: Կը նշանակէ, որ «Ասպարէզ»ը շուրջ հինգ ու կէս տարի, ամէն Հինգշաբթի օր կը ներկայանայ վերոնշեալ քաղաքներուն հայ բնակչութեան, անոնց հրամցնելով հայկական իրականութեան վերաբերող կարեւորագոյն լուրերը: Այդ օրուան «Ասպարէզ»ը կը հրատարկուի տասը հազար տպաքանակով, որուն վեց հազարը կը բաշխուի անվճառ:
Տպագիր մամուլի՝ միջազգային չափանիշներով նահանջի պայմաններուն տակ, «Ասպարէզ»ի այս նախաձեռնութիւնը կրնայ արկածախնդրական նկատուիլ: Սակայն, խմբագրութիւնը այդ քայլին դիմած էր՝ իբրեւ նոյն ինքն նահանջի մերժումի յայտարարութիւն:
Խմբագրութիւնը նաեւ այս քայլին դիմած էր՝ գնահատելով այս երեք քաղաքներուն մէջ հայկական համայնքին կենսունակութիւնը եւ անոր իւրայատուկ բաղադրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ ազգային աւանդական միութիւններու, հաստատութիւններու ու կառոյցներու շրջանակէն հեռու կանգնած կարեւոր թիւով զանգուած մը: Այդ հեռու գտնուողներուն հետ հաղորդակցութիւն ստեղծելու ճիգ մըն էր «Ասպարէզ»ի նախաձեռնութիւնը:
Խոստովանինք, որ Նորթ Հոլիվուտի, Վելիի եւ Փասատինայի մէջ շաբթուան մէկ այլ օր նոյն ձեւով տարածելու նախնական մտադրութիւնը ցարդ կարելի չէ եղած գլուխ հանել: Կլենտէյլի փորձը, իր ֆինանսական յաջողութեամբ (տարածման փաստը հրապուրիչ եղած է միութենական եւ առեւտրական ծանուցողներուն) բաւական համոզիչ կերպով մեզ կը տրամադրէ շարունակելու մեր ծրագիրը՝ ի վերջոյ զայն իրականացնելու առաջադրանքով:
Մենք պիտի շարունակենք Հինգշաբթի օրերը այս անվճառ ծառայութիւնը մատուցել Կլենտէյլի, Լա Քրեսենթայի եւ Պըրպենքի ժողովուրդին: Միեւնոյն ժամանակ, կ՛առաջարկենք, որ այդ օրուան թերթը խանութներէն ստացողները ծանօթանան մեր ամէնօրեայ թիւերուն, ուր պիտի գտնեն թարմ լուրեր եւ կարեւոր վերլուծումներ՝ զիրենք հետաքրքրող ազգային հարցերու վերաբեալ: Կ՛առաջարկենք, որ բաժանորդագրուիք (բաժանորդագրութեան ծանուցումը էջ 18ի վրայ է):