ՄԵԼՊՈՒՌՆ.- Երկուշաբթի, 14 Յունուարին սկսաւ Աւստրալիոյ թենիսի Բաց մրցաշարքը, որ կը հանդիսանայ տարուան առաջին «Կրենտ Սլեմ» մակարդակի մրցաշարքը:
Մելպուռնի մէջ սկսած այս մրցաշարքին առաջին հանգրուանին ունեցած իր մրցումին, մրցաշարքին մէջ 10րդ դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով 3-6, 6-3, 6-4, 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց գերմանացի իր մրցակիցը՝ Փիթըր Կոյեւչիքը:
Չորեքշաբթի օրուան կանուխ ժամերուն աւարտած երկրորդ հանգրուանի մրցումէն եւս Խաչանով յաղթանակով դուրս եկաւ, այս անգամ յաղթանակ արձանագրելով ճափոնցի Եոշիհիթօ Նիշիոքայի դէմ՝ 6-3, 6-3, 6-3 արդիւնքով։
Կանանց բաժանմունքին մէջ, ռուսահայ Մակրաիթա Գասպարեան յաղթականով սկսաւ մրցաշարքը՝ 4-6, 6-2, 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով չինացի Ճու Լինը եւ հասնելով երկրորդ հանգրուան։