ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութեան» աշխատակից Լուսինէ Մուսայէլեան կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան լուրերու բաժինի խմբագիր Շահին Հաճիեւ գործուղուած է Հայաստան՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին մասին թղթակցութիւններ պատրաստելու նպատակով:
Ատրպէյճանցի խմբագիրը Երեւանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու հետ:
Ադրպէյճանական եզակիօրէն անկախ լրատուամիջոցներէն համարուող «Թուրան»ը կը յայտնէ, որ Հաճիեւի հայաստանեան այցելութիւնը համաձայնեցուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան մարմիններուն հետ:
«ՓանԱրմինիըն»ը կը յայտնէ, որ Հաճիեւի Հայաստան այցելութեան մասին ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան:
Հաճիեւի այցելութեան մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի նախագահի խորհրդական Թեւան Պօղոսեան: Ան հրապարակած է լուսանկար մը (վերի նկարը) ատրպէյճանցի լրագրողին հետ՝ նշելով, որ հարցազրոյց մը տուած է անոր:
Գործակալութեան կայքին վրայ այցելութեան վերաբերեալ նիւթեր տակաւին չեն հրապարակուած: