
Հ.Ս.
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համեստ, ընկերասէր, ընտանեկան աւանդութիւններով թրծուած մարդ, որ դարձաւ բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան, 1956ի Ողիմպիական խաղերու ոսկեայ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան եռակի ախոյեան. կամ պարզապէս՝ Վլադիմիր Ենգիբարեան:
Թէքէեան Մշակութային միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ, Ուրբաթ, Յունուար 25ի երեկոյեան մէկտեղուած էին Ենգիբարեանի երկրպագու մարզասէրներ, յարգելով յիշատակը մեծանուն հայ մարզիկին:
Ենգիբարեան (1932-2013) մեծ վաստակ ունի Խորհրդային Հայաստանի տարիներու բռնցքամարտի զարգացման մէջ: Ան անմահ է, որովհետեւ, ինչպէս բանաստեղծը կ՛ըսէ, «երբ յիշատակս ալ թառամի, ախ այն ատեն ես կը մեռնիմ»:
Յիշատակի երեկոյին ներկայ էր մեծարեալին թոռները, զաւակները եւ տիկինը՝ Քնարիկ Ենգիբարեան, որ հանդիսութեան աւարտին փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալական անկեղծ արտայայտութիւններով մեծապէս գնահատեց կազմակերպիչ վարչութիւնը:

Բացումը կատարեց, օրուան հանդիսավար, կազմակերպիչ վարչութեան փոխատենապետ Միհրան Թումաճեան, որ ներկայացուց հանրայայտ մարզիկներ, որոնք ներկայ էին, ինչպէս ըմբշամարտի աշխարհի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը, նախկին պասքեթպոլիստ Համամճեանը եւ ուրիշներ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Վարազդատ Պահլաւունի: Նազօ Այրանճեան փոխանցելով իր սրտի խօսքը, Ենգիբարեանի պատկերով բռնցքամարտիկի ձեռնոցներ նուիրեց տիկին Քնարիկին, աշխարհի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանին, հիւպատոս Պահլաւունիին եւ կազմակերպիչ մարմինին:
Գլխաւոր բանախօսն էր «Նոր Օր» թերթի մարզական մեկնաբան, մարզական էջի պատասխանատու Աւետիս Բայրամեան: Ան գնաց տասնամեակներ ետ, ու փորձեց հակիրճ կերպով անդրադառնալ անուանի հայ մարզիկներու յաջողութիւններուն, հասնելով Ենգիբարեանին
Փակման շնորհակալական խօսք արտասանեց կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետ, պասքեթպոլիստ եւ մարզիչ Քարլ Պարտաքեան:
Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ «հանդիպում» մըն էր այդ երեկոն Վլադիմիր Ենգիբարեանին հետ, ուր երեւան եկան անոր մարզչական եւ իրաւարարական արժանիքները: