ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին, Միջին Արեւելքի ուսմանց ներկայացումներու ծրագիրին եւ Երաժշտական բաժանմունքին միացեալ ջանքերով կազմակերպուած է բանախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին, միջազգային ճանաչում վայելող ուտի վարպետ Ռիչըրտ Յակոբեան պիտի խօսի Միջին Արեւելքի հայկական երգերուն իւրայատկութիւններուն մասին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մարտ 1ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191):
Փոքր տարիքէն ուտ նուագելու սկսած Յակոբեան արժանացած է շարք մը մրցանակներու եւ դասաւանդած է քանի մը համալսարաններու մէջ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին բազմաթիւ համերգներու մասնակցելու կողքին: Ան հայկական պարեղանակներով 4 ալպոմներ հրապարակած է «Քեֆ Թայմ» ընդհանուր խորագիրին տակ։
Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: