ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երեքշաբթի, 5 Փետրուարին, պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ այլ պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծի տարբեր հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Նոյն օրը նախագահը այցելեց Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղը եւ հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն բնակավայրի վերականգնման վերաբերող հարցերու շուրջ:
Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն կողմէ քննարկուած հարցերուն պատշաճ լուծման ուղղութեամբ նշելով Թալիշի վերականգնման ծրագիրի կարեւորութիւնը Արցախի համար:
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: