ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վերաքննիչ դատարանը մերժեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները՝ խափանման միջոցին վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը ձգելով անփոփոխ. Քոչարեան պիտի մնայ կալանքի տակ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին, Հինգշաբթի օր լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան ղեկավար Վահագն Մուրատեան:
«Որոշումը հրապարակուեցաւ: Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները ամբողջութեամբ մերժուեցան: Քոչարեան պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ», ըսաւ Մուրատեան:
Նշենք, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ գործը կը քննէր դատաւոր Մնացական Յարութիւնեան: