ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2019 տարին հռչակած է «Հայ Մամուլի Տարի», կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդին, որ զանազան նախաձեռնութիւններով վեր առնէ հայ մամուլին եւ լրատու աղբիւրներուն դերն ու կարեւորութիւնը՝ մեր կեանքին մէջ, եւ արտայայտէ անոր նկատմամբ իր զօրակցութիւնը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 10 Փետրուարին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի պիտի ընթերցուի «Հայ Մամուլի Տարուան» հայրապետական պատգամը։
Առաջնորդ սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ պատարագին ու պիտի ընթերցէ կաթողիկոսին պատգամը։
«Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, եւ յատկապէս մեր մամուլի ներկայացուցիչներուն, որ ներկայ ըլլան Ս. պատարագներուն եւ հաղորդակից դառնան նորին Ս. օծութեան պատգամին», նշուած է Ազգային առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։