ԵՐԵՒԱն.- 5 Փետրուարին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը շարունակուեց գիւղատնտեսական շրջանի նախապատրաստական աշխատանքներու քննարկումը:
Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան վարչապետ Փաշինեանին զեկուցեց ոռոգման եղանակի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը եւ ներկայացուց Հայաստանի մարզպետներու, Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի եւ բոլոր մարզերուն ջուր օգտագործող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ աշխատանքային քննարկումներուն արդիւնքները: Ան նշեց, որ ոլորտին մէջ կայ մեծ քանակութեամբ կուտակուած պարտք, որմէ 80 միլիոն դրամը անցած Յունուարին հատուցուեցաւ, սակայն անբաւարար է գարնանային նախապատրաստական աշխատանքները սկսելու համար եւ անհրաժեշտ է պետական աջակցութիւն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ջրային տնտեսութեան համակարգի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, տարիներ շարունակ ջուր օգտագործողներու կուտակած պարտքերը հաւաքելու, ջրամբարներէն ապօրինի ջուր օգտագործման վտանգներու կառավարման, վերահսկողութեան վերաբերող եւ շարք մը այլ հարցեր:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց ոռոգման եղանակի նախապատրաստական աշխատանքները ժամանակին սկսելու համար գիւղացիական տնտեսութիւններուն անհրաժեշտ քանակով ջուրի մատակարարումը՝ նշելով, որ այդ նպատակով կառավարութիւնը պիտի յատկացնէ անհրաժեշտ նիւթական աջակցութիւն: Վարչապետը նոյն ժամանակ յանձնարարեց պատասխանատուներուն՝ ներկայացնել հարցի համակարգային լուծման առաջարկներ. «Պայմանաւորուեցինք հետեւեալ կերպ. մենք գումարը յատկացնում ենք բիւջէից, եւ դրա ծախսումը խիստ հսկողութեան տակ է առնւում: Բայց նաեւ գնում ենք հաւաքագրումների յետեւից՝ փորձելու հասկանալ, թէ ի՛նչ է կատարւում այդ ոլորտում: Նաեւ խիստ հսկողութեան տակ ենք պահում ջրամբարներում առկայ ջրի քանակութիւնը, որպէսզի համոզուած լինենք, որ դրանք կառավարւում են: Վարկային ծրագրերով վերանայումներ ենք անում, թէ որտեղ ինչ վերաբաշխումներ է հնարաւոր անել, որ գումարներն առաւել արդիւնաւէտ ծախսուեն: Եւ ջրային համակարգում պէտք է գնալ կառուցուածքային եւ կադրային շատ լուրջ փոփոխութիւնների»: Կառավարութեան ղեկավարն ընդգծեց՝ Մարտի առաջին տասնօրեակի աւարտին գիւղացիական տնտեսութիւնները պէտք է ապահովուած ըլլան ջուրի կանոնաւոր մատակարարումով եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած:
Վարչապետը նաեւ յանձնարարեց գիւղատնտեսութեան նախարարի պարտականութիւնները կատարող Գեղամ Գէորգեանին՝ տեղեկանք ներկայացնել գարնանային գիւղատնտեսական եղանակի նախապատրաստական փուլի կատարուած եւ կատարուելիք ծրագիրերուն մասին: