
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ 5 Մարտին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան արտակարգ ընտրութիւններուն, որոնք պիտի իրականացուին 5րդ ընտրատարածքին մէջ, որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ճեքի Կոլտպըրկի ընտրապայքարին։
Իբրեւ նախկին ուսուցիչ եւ քաղաքական զանազան պաշտօններու ընտրուած քաղաքական գործիչ, ներառեալ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ, Կոլտպըրկ լաւագոյն թեկնածուն նկատուած է այս պաշտօնին համար։
Ան առաջին անգամ 1983ին ընտրուած է Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ եւ առիթով մը վերընտրուած է։ Վարչութեան մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ան մեծապէս նպաստած է կրթաշրջանին մէջ երկլեզու դասաւանդում որդեգրելու ջանքերուն, շարք մը այլ կարեւոր իրագործումներու կողքին։
1990ականներուն, Կոլտպըրկ եղած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ (13րդ ընտրատարածք) եւ անոր ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած էր Փոքրիկ Հայաստան անուանումը ապահովել Արեւելան Հոլիվուտի այդ շրջանին համար։

Իբրեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ, Կոլտպըրկ նեցուկ կանգնած է Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով Երեւանի մէջ առեւտրական հարցերու յատուկ գրասենեակ մը հաստատելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն, որ արդիւնաւորուեցաւ 2002ին վաւերացուած բանաձեւով։
Նշենք նաեւ, որ 1988ին հիւսիսային Հայաստանը հարուածած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Կոլտպըրկ իր աշակերտներուն հետ դրամահաւաքի մը նախաձեռնած էր եւ հաւաքուած նպաստները անձամբ փոխադրած էր Հայաստանի վնասուած շրջանները։
Կոլտպըրկի ընտրապայքարին աջակցելու որոշումէն առաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը, համագործակցելով իր կրթական յանձնախումբի եւ տեղական մասնաճիւղի անդամներուն հետ՝ մօտէն քննեց թեկնածուին երկարամեայ քաղաքական գործունէութեան եւ անոր կեցուածքներուն մանրամասնութիւնները, որմէ ետք հանդիպում մը իրականացուց Կոլտպըրկի հետ, հասնելով այն եզրակացութեան, որ ան կը շարունակէ հաստատակամ մնալ անցեալին ունեցած իր շարք մը հայանպաստ կեցուածքներուն վրայ։
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի 5րդ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան հետեւեալ շրջանները՝ Լոս Ֆելիզ, Սիլվըր Լէյք, Էքօ Փարք, Հայլընտ Փարք, Իկըլ Ռաք, Էլ Սերանօ, Վըրնըն, Հանթինկթըն Փարք եւ Սաութ Կէյթ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ընտրատարածքի հայութեան, որ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէ 5 Մարտի ընտրութիւններուն, Կոլտպըրկի ի նպաստ քուարկելով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 500-1918 թիւին։
