ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Այս տարի, Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 10 Փետրուարին։
Առաջաւորաց պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, հայութեան քիստոնէութեան դարձին առիթով, եւ իւրայատուկ է Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ։
Առաջաւորաց պահքը հայ ժողովուրդի աւանդութեանց մէջ ծանօթ է նաեւ Ս. Սարգիսի պահք անունով, որովհետեւ պահքին յաջորդող Շաբաթ օրը Հայաստանեայց եկեղեցին կը նշէ Ս. Սար-գիսի տօնը:
Առաջաւորաց պահքի ծոմապահութիւնը կը սկսի Կիրակի, 10 Փետրուարին, կէս գիշերին։ Չորեքշաբթի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ խաչահանգիստ եւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի, որմէ ետք հաւատացեալ ծոմապահները Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր պիտի ստանան։
Արարողութեան մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար, կը խնդրուի դիմել մեր եկեղեցիներու գրասենեակները։