ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Հիմա հեռու իրարմէ,
միայն անունդ ունիմ»։
ԿԱՐՊԻՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Անուն, որուն հետ կապուած յիշատակներս, Հալէպէն Պէյրութ ու Պէյրութէն ալ Ամերիկա կ՛երկարին։ Յիշատակներ, որոնց մէջ հաւասարապէս կայ այնքա՜ն երազ, յոյս ու ժպիտ…
Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ուսումնական եօթը տարեշրջանները միասին անցուցած ու այդ օրերու տաքն ու պաղը միասին ապրած, յիշողութեանս ներկայէն, մինչեւ այսօր տակաւին չեմ կրնար հեռացնել դպրոցական առաջին այն օրը, երբ քիչ մը ամչկոտ ու քիչ մըն ալ վախկոտ քայլերով, հոն աշակերտելու համար, շատերու հետ միասին, երկուքս ալ անոր լայն բացուած դռնէն ներս մտանք։
1942ի ծնունդ Կարպիսը՝ Տէր Զօր քաղաքէն, մայր, հայր, քոյր ու եղբայր ետեւը ձգած՝ ուսանելու համար հասած էր Հալէպ։ Բաւականաչափ ներկայանալի, մեծ ու խաժ աչքերուն մէջ բարի խորհուրդ մը պահած՝ լուրջ, համեստ, խօսելէ աւելի լռել գիտցող, բայց երբեմն ալ ճիշդ ատենին պոռթկացող այն աշակերտը եղաւ, որուն հետ, շատերու պէս, ես ալ մտերմացայ, այնքան՝ որքան «վալիպոլ»ի դաշտի եզերքին քով քովի նստած, մեծ պահքի օրերուն մօրս պատրաստած, ամբողջ Հալէպի թաղամասերը իր բուրմունքով լեցուցած՝ տեղացիներուն յատուկ «ըրաս» թխուածքէն մէկական կտոր մեր ձեռքին, զբօսանքի դադարներուն իրարու հետ կը խօսէինք ու կ՛ուտէինք, կ՛ուտէինք ու կը խօսէինք, երբեմն ալ կարգ մը նիւթերու շուրջ տարակարծիք եղած՝ քիչ մըն ալ իրարմէ կը նեղուէինք։ Պատանեկան կատակերգութիւն մըն է, որուն բեմէն շատ մը ճեմարանական ընկերներ, մեզմէ առաջ նոյնը ըրած՝ հրապարակը մեզի ժառանգելով՝ երէկ կային, իսկ այսօր չկան։
Ճեմարանէն շրջանաւարտ, կեանքի պայմաններու բերումով երկուքս ալ հասանք Պէյրութ. հոն, ուր ինք դարձաւ լումայափոխ, իսկ ես եղայ ուսուցչուհի, բայց յաճախ զիրար տեսնելու առիթներ ստեղծելով՝ Նելլիին, Սօսիին ու Արմէն Մոնոֆարեանին հետ միասին ուրտեղե՜ր գացինք. հասանք մինչեւ «Ճըպէյլ» ներկայ գտնուելու համար անոր տարեկան «Ֆեսթիւալին», այցելեցինք բոլորիս ուսուցչուհի եղած օր. Յասմիկ Նաճարեանին, Խտըշեանի բեմադրութեամբ՝ ներկայ եղանք Ալպիի «Վրճինիա Ոււլֆ» թատերախաղին։
Ահաւասի՛կ, դէպքեր ու դէմքեր, որոնք մերթ ընդ մերթ մէջս նորոգուելով՝ պահ մը զիս կ՛ուրախացնեն, բայց կեանքի այդ հանգրուանէն, այլեւս որբացած ըլլալու զգացումով մը յանկարծ կը տխրիմ։
Լիբանանի մէջ աղուոր այդ օրերը, շատերու պէս մեզի համար ալ երկար չտեւեցին. քաղաքական պատերազմը, ինչպէս գիտենք, բոլորիս իրարու ետեւէ հասցուց Ամերիկա, ուր չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, իր նախընտրած գործը ձգելով՝ բոլորովին տարբեր իր խառնուածքէն, ճաշակէն ու հետաքրքրութիւններէն, Կարպիսը դարձաւ սեփանակատէրը «Սասուն» ճաշարանին, որուն մէկ ծայրէն միւսը երկարած հայելիին մէջ կը ցոլան դիմացի պատին վրայ այնքան խնամքով ու բծախնդրութեամբ քով-քովի փակցուցած բոլոր զինք այցելողներուն նկարները, հոն ուր ամէն օր Կոմիտասի եղանակները ամէն կողմէ դէպի վեր բարձրացած՝ գաւաթ մը խմիչքի հետ, այլեւս ճերմկած մազերով ու քիչ մըն ալ կքած կռնակով կրակարանին դիմաց կեցած՝ տիկնոջ՝ Նելլիին հետ միասին , քանի՜ քանի՜ առիթներով, Ճեմարանի տնօրէններու եւ ուսուցիչներու կողքին, ամէն օր յուշագրութիւն պահող ձեռքերով, խորոված պատրաստեց. սկսեալ Մովսէսէն ու Սարգիսէն, Պետրոսէն ու Կարոյէն, Զաւէնէն ու Վարդանէն, Երուանդէն, Զարմուհիէն ու Արտեմիսէն, Շաքէէն, Անահիտէն, Սրբուկէն ու Զապէլէն, այս բոլորին՝ երկուքով, այնքան մեծ գոհունակութեամբ մը կերցուցած, խմցուցած ու միշտ տեսնուելու յոյսով ճանապարհած են։
Հիմա, ալ չկայ ճաշարան. ինք նոյնիսկ գնաց յաւիտեան։
Գնաց, առանց երբեք գիտնալու, որ տարինե՜ր առաջ, իր ու Արմէնին, տանս շնորհաւորութեան առիթով, ինծի նուիրած երկու ինքնաշարժ-մոխրամանները, մէկը կարմիր, իսկ միւսը կապոյտ, Պէյրութէն հետս միասին Ամերիկա նոյնիսկ հասած են։
Չէ՛, ինծի համար դժուար է հիմա հաւատալ, որ երկուքը մոխրացած՝ մէկը ժամանակի ընթացքին, իսկ միւսը այսօր, արդէն իսկ գացած են «ԱՆԴԻՆ», իսկ երկու մոխրամանները՝ «ԱՍԴԻՆ»։
Նոյնութեամբ քովս մնացին։
Նման կորուստի առջեւ, միայն ու միայն «խորհուրդ մարդկան, կամքն Աստուծոյ» խօսքով մխիթարուած՝ ճանապարհդ բարի դասընկեր ջան մաղթանքիս հետ, Թէքէեանի խօսքերով՝ կ՛ըսեմ.
«Յիշատակովդ, այս գիշեր կը զգամ այնքան զիս հարուստ,
Այնչա՜փ բարի, երջանիկ… որ գթութեամբ մը անհուն՝
Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն»։