ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի կառավարութեան ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ: Փաշինեան շնորհաւորեց Հարիրին Լիբանանի նոր կառավարութեան ձեւաւորման եւ վարչապետի պաշտօնին անոր վերանշանակուելուն առիթով:
Վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց Հարիրիին եւ անոր կազմին ու յայտնեց, թէ համոզուած է, որ նոր կառավարութիւնը երկիրը պիտի տանի դէպի զարգացում եւ տնտեսական յառաջընթաց:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ Հայաստան-Լիբանան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը գումարել յառաջիկայ Ապրիլին: