ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 17 Փետրուարի առաւօտեան, յետ Ս. պատարագի, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը «Ասպետի Կարգ» շքանշան յանձնեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանին:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեան, որ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան մարդը եւ արուեստագէտը: Քէշիշեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի նորարար ու ժամանակակից երաժշտական լեզուն՝ ըլլալով հանդերձ համամարդկային, խորապէս պահած է ազգայինը ու այդ բոլորը կատարած է հայու իր պրիսմակէն:
Ապա, նախքան շքանշանին տուչութիւնը, կաթողիկոսը փոխանցեց իր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ազգային արժէքները երաշխիք են ժողովուրդի մը գոյատեւման, իսկ հայ ժողովուրդի ծառայութեան լծուած կառոյցներուն կողքին, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճամբով ու տարբեր ձեւերով լծուած է այդ արժէքներու տարածման: Խօսքը ուղղելով Մանսուրեանին՝ հայրապետը նշեց, որ Մանսուրեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է երաժշտութեան ու անոր դասական թէ ժողովրդային յօրինումները հնչած են Հայաստանի եւ համաշխարհային բեմերէ:
«Ձեր ստեղծագործութիւններով մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ օտարներուն փոխանցեցիք հայու հարազատ ոգին ու ամուր հաւատքը, հայու խոր տառապանքն ու հրաշափառ վերածնունդը», ըսաւ հայրապետը ու շարունակեց՝ ըսելով. «Քաջ գիտենք, որ Մանսուրեան իր կեանքի այս հանգրուանին տակաւին կը ձգտի նոր յօրինումներով ճոխացնել իր երաժշտական ժառանգը»:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ բարձրեալ Աստուած եւ քաջառողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Մանսուրեանին:
Աւարտին, Տիգրան Մանսուրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին ու ըսաւ, որ այս շքանշանին տուչութիւնը զինք կը մղէ վերանորոգելու իր ստեղծագործելու թափը: