Պէյրութի մէջ մահացաւ «Շիրակ» տպարանի եւ նոյնանուն գրատան համահիմնադիր Կարապետ Հաննէսեան: Այս մասին «Արեւելք»ը տեղեկացած է հանգուցեալի հարազատներէն:
Կարապետ Հաննէսեան եղբօր՝ Հովհաննէս Հաննէսեանի հետ անցեալ դարու կէսերէն, Սփիւռքի մէջ մեծ աշխատանք տարած է՝ հայ տպագրական գործը զարգացնելու առումով: Ան առաջիններէն էր, որ Պէյրութի մէջ տպագրած է հայ դասականներու գործեր:
Հաննէսեանները տարիներ շարունակ տպագրած եւ տարածած են բառարաններ, երազահաններ, զուարճալի պատմութիւններու ժողովածուներ եւ ժողովուրդին մէջ լայն տարածում ունեցող գիրքեր:
Հաննէսեան եղբայրները նշանաւոր են յատկապէս հանրայայտ «Շիրակ Երգարան» մատենաշարով, որուն գիրքերը մինչեւ այսօր կը տպագրուին եւ կը տարածուին:
Կարապետ Հաննէսեան թղթակցութիւներ կ՛առաքէր նաեւ լիբանանահայ մամուլին: