Հալէպի Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին մէջ, վերականգնումէն ետք, առաջին պատարագը տեղի պիտի ունենայ Մարտ-Ապրիլին:
Եկեղեցին 2015ին պայթեցուցած էին «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկիչները։
«Աշխատանքներուն ծաւալը վիթխարի էր: Միջանցքը ամբողջութեամբ քանդուած էր, ստիպուած էինք զայն դարձեալ կառուցելու: Մենք օգտագործեցինք պահպանուած հին քարերը, անոնք հաւաքուեցան եւ վերազետեղուեցան: Այդ գործը շատ դժուար էր: Շէնքի գրեթէ 70 տոկոսը քանդուած էր», ըստ «Նիուզ»ի ըսած է ճարտարապետ Կապրիս Թամասեան: Արդէն դրուած են տաճարի նոր դռները եւ պատուհանները, նստարանները շուտով կը բերուին: Ճակատը ամբողջութեամբ վերանորոգուած է, աւարտին կը մօտենան երեսապատման աշխատանքները:
Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերականգնումը կ՛իրականացուի Հալէպի հայ համայնքի հաւատացեալներուն նուիրատուութիւններով: Առնուազն 150 հազար անձեր իրենց բաժինը բերին սրբավայրի վերականգնման գործին:
Նշենք, թէ կը նախատեսուի տաճարին մէջ առաջին պատարագը իրականացնել Մարտի վերջաւորութեան կամ Ապրիլի սկիզբը: