ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 19 Փետրուար թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը (American Armenian Rose Float Association) յայտարարեց, թէ հրաւէր ստացած է Փասատինայի Վարդատօնի ընկերակցութենէն՝ հայկական նոր ծաղկասայլով մը մասնակցելու 1 Յունուար 2020ին տեղի ունենալիք Փասատինայի Վարդատօնին: Ասիկա պիտի ըլլայ վեցերորդ յաջորդական տարին, որ հայկական ծաղկասայլ մը հանդէս պիտի գայ Փասատինայի այս հռչակաւոր ձեռնարկին:
Հայկական ամենավերջին ծաղկասայլը, որ կը կրէր «Քարահունջ» անունը, նուիրուած էր հայ մշակոյթի մեծութեան, եւ կ՛արտացոլէր Փասատինայի 130րդ Վարդատօնի ընդհանուր խորագիրը, որն էր՝ «Կեանքի Մեղեդին»:
2019ի Նոր Տարուան օրը, Փասատինայի մէջ շուրջ 700,000 հանդիսատեսներ հետեւեցան վարդատօնի երթին. իսկ պատկերասփիւռի եւ համացանցի միջոցով ձեռնարկը դիտուեցաւ 140 երկիրներէ:
Անցեալ ամիս, Փասատինայի Վարդատօնի ընկերակցութիւնը յայտարարեց 2020ի վարդատօնի ընդհանուր խորագիրը, որն է՝ «Յոյսի Ուժը»: Ըստ այնմ, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը արդէն իսկ գործի լծուած է՝ նպատակ ունենալով ստեղծել հայկական յաջորդ ծաղկասայլի նախագիծը, ինչպէս նաեւ ապահովել հայ համայնքի նեցուկը՝ երաշխաւորելու համար ծաղկասայլի յաջողութիւնը: Ինչպէս անցեալ տարիներուն, ընկերակցութիւնը նոր վարչութիւն մը ընտրեց այս ամիս, եւ մեկնարկեց հանգանակութեան նոր արշաւ մը:
Հայկական ծաղկասայլը ծնունդ առած է 2014ին: Անոր մեծագոյն ջատագովներէն էր Ստեփան Փարթամեան, որ դարձաւ Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը, եւ որ ընկերակցութեան վարչութեան մէջ կը ծառայէր այդ թուականէն ի վեր: Այս ամիս, Փարթամեան հրաժարեցաւ վարչութենէն, տրուած ըլլալով որ ան կը ծրագրէ Հայաստան տեղափոխուիլ Յունիսին եւ կեդրոնանալ իր նախաձեռնած «Ցեղապրում» ծրագիրին վրայ:
«Ցարդ կրցանք յաջողապէս ներկայացնել հայկական հինգ ծաղկասայլեր՝ մեր բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն օգնութեամբ. շարունակե՛նք մեր երթը», կը յայտնէ ընկերակցութեան անդամ Յարութ Գօգօզեան:
2020ի հայկական ծաղկասայլի իրագործման համար տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութեան կայքին միջոցով՝ aarfa.org, կամ չէքեր ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ American Armenian Rose Float Association, P.O. Box 60005, Pasadena, CA 91116:
(Հաղորդագրութիւնը
ընկերակցութենէն)