ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 7 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղին Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան պիտի բանախօսէ Հայաստանի վերջին իրադարձութեանց մասին, սկսելով Թաւշեայ յեղափոխութան առաջնորդած պատճառներէն եւ հասնելով յեղափոխութեան յաջորդած դէպքերուն։
Դոկտ. Արա Սանճեան Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղին մէջ հայոց եւ Միջին Արեւելքի պատմութեանց դասախօս է: Ան մասնագիտակացած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ, իսկ նախապէս եղած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ուսմանց, պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքի վարիչը: 2003ին, ան՝ իբրեւ այցելու դասախօս դասաւանդած է նաեւ Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ։ Անոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանի՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ արաբական երկիրներու պատմութեան վրայ: Հեղինակն է «Թուրքիա Եւ Իր Արաբ Դրացիները, 1953-1958. Պաղտատի Դաշնագիրի Արմատներուն Եւ Ձախողութեան Ուսումնասիրութիւնը» աշխատասիրութեան եւ երկու այլ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու եւ պատմագիտական գիրքերու մէջ հատուածներու, հրատարակուած՝ անգլերէնով, հայերէնով, ֆրանսերէնով եւ ռուսերէնով:
Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել թիւ P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով հայագիտականի գրասենեակէն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: