ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի շրջանաւարտ Կարինէ Պօղոսեան իր համալսարանը պիտի վերադառնայ Կիրակի, 3 Մարտին՝ ելոյթ ունենալու համար Ռախմանինովի եւ Սթրավինսքիի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած մենահամերգով մը։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին եւ Նիւ Եորքի հռչակաւոր «Քարնըկի Հոլ»ին մէջ ելոյթներուն կողքին, Պօղոսեան ներկայիս կը պատրաստէ Ռախմանինովի եւ Սթրավինսքիի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ալպոմ մը, «Սենթոր» ընկերութեան համար։ Անոր նախորդ ալպոմը նուիրուած էր Արամ Խաչատուրեանի դաշնակի ստեղծագործութիւններուն («Նախոս»)։
3 Մարտի համեգը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:30ին։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.karinepoghosyan.com կայքը։