ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) մշտական ներկայացուցիչ Տմիթրի Մարիյասին եւ Հայաստանի մօտ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուն Եամատա 25 Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքին մէջ ստորագրեցին համաձայնագիր մը՝ պաշտօնապէս յայտարարելով ընտրութիւնները կազմակերպող մարմիններու երկարաժամկէտ կարողութիւններու զարգացման միտուած ծրագրին մեկնարկը:
Նոյն ժամանակ, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Տ. Մարիյասի ստորագրեցին Ճափոնի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող (մէկ միլիոն տոլար) եւ ՄԱԶԾ հայաստանեան գրասենեակին կողմէ իրականացուող «Հայաստանում ընտրական գործընթացների աջակցութիւն – 2» ծրագիրի փաստաթուղթը:
Ծրագիրը նպատակ ունի ամրապնդել Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կարողութիւնները՝ վերջինիս կառուցուածքի եւ ծրագրաւորման գործընթացներու արդիականացման, ներքին ընթացակարգերու եւ տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութեանց բարելաւման միջոցով: