ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, 23 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2 տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի «Հայ Կին» մարմինին կազմակերպած տարեկան խորհրդաժողովը, որ այս անգամ նուիրուած է թուայնացման ներկայ ժամանակաշրջանին ծնողական դաստիարակութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսներն են՝ դոկտ. Արմինէ Մովսիսեան, Նորա Շիթիլեան եւ դոկտ. Էտրիք Տորեան, իսկ համադրողն է՝ Շաքէ Եկաւեան։
Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ (2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104) եւ արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9ին:
Մասնակցութեան սակը 30 տոլար է, ներառեալ՝ կէսօրուան ճաշը, իսկ ուսանողներու համար՝ 10 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (626) 794-7942 թիւին կամ agbuhyegeen@gmail.com հասցէին: