ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
1975ին, Պէյրութի Զաւարեան Ուսանողական միութեան անդամ էի, եւ այդ օրերուն էր, որ նշանակուեցայ եռանդամ խորհուրդի մը անդամ՝ փոխարինելով մի ոմն Հրայր Նալպանտեանին, որ վերջերս մեկնած էր Լիբանանէն, հաստատուելով Լոս Անճելըս: Չէի հանդիպած անոր. չէի ճանչցած զինք:
Այդ միաւորին երկու միւս ընկերներս անվերջ եւ անդադար կը յիշէին զինք: Կը պատմէին իր անձնուրաց նկարագիրին, անշահախնդիր դիրքորոշումներուն, անվերապահ աջակցութեան եւ ուրիշներուն օգնութեան ձեռք երկարելու իր յատկութիւններուն մասին: Կը պատմէին՝ վերյիշելով անմոռաց դրուագներ, վեր առնելով իր նկարագիրի բարձր յատկանիշերը: Միշտ կը յիշուէր նաեւ երգելու իր յատկութիւնը, թէ ան ինչպէս կը ոգեւորէր խարոյկին շուրջ հաւաքուած հաւատաւոր երիտասարդ ընկերները, եւ իր ազդու ձայնով կը յեղափոխականացնէր մթնոլորտը, կը յուզէր բոլորը:
Ուրեմն, պիտի փոխարինէի անձ մը, որ շատ բարձրորակ յատկանիշեր ունէր եւ հաստատած էր դժուար հասանելի չափանիշներ: Բնականաբար, ինձմէ կը պահանջուէր շատ մեծ ճիգ՝ հասնելու համար իր բարձրութեան:
1985ին հաստատուեցայ Լոս Անճելըս: Խնդրեցի ընկերոջ մը, որ ծանօթացման հանդիպում մը դասաւորէ Հրայրին հետ, որուն մասին «նախապաշարուած» ակնածանք մը ունէի լիբանանեան իմ յիշողութիւններէս եկող: Հանդիպեցանք, խօսեցանք հայութիւնը եւ շրջանը յուզող հարցերու մասին: Լաւ կը յիշեմ իր վերլուծականը մեր կազմակերպական կացութեան եւ հարցերու մասին:
Տարիներու ընթացքին դարձանք մօտիկ ընկերներ: Իր ներկայութիւնը հերթական հանդիպումներու ընթացքին, հաճելի ըլլալէն անդին դաստիարակիչ էր: Հրայրը ապրող հանրագիտարան մըն էր: Բազմաթիւ նիւթերու, բայց մանաւանդ հայոց պատմութեան եւ հայաստանեան քաղաքական հարցերու մասին անսահման գիտելիքներ ունէր եւ կը սիրէր փոխանցել իր ունեցած տեղեկութիւնները շուրջիններուն: Ծանօթ էր կրօնական տարբեր վարդապետութիւններու եւ կրնար խոր վերլուծութիւններ ընել, բաղդատականներ ընել եւ երկար խօսիլ այդ մասին:
Հրայրին հաւատքը դէպի Հայ առաքելական եկեղեցին անթափանց էր եւ անսասան:
Հրայրը կարողութիւնը ունէր համեստ ընկերոջ հետ դառնալու պարզունակ եւ հաճելի, իսկ մտաւորականին հետ ըլլալ գիտակ եւ ազդեցիկ:
Մեր մտերմութիւնը աւելի թափ առաւ վերջին քսան տարիներուն, հայաստանեան բազմաթիւ մեր ուղեւորութիւններուն ընթացքին: Հրայրը անսահման սէր ունէր ազգին եւ հայրենիքի նկատմամբ: Ազգային նոյն տեսլականը ունէինք, բայց նաեւ կը պատահէր, որ մեր քաղաքական հայեացքները միշտ չէ որ համընկնէին: Ան յամառ էր իր տեսակէտներուն մէջ եւ ընդհանրապէս կը մնար անդրդուելի, սակայն բոլոր մեր վէճերէն ետք յարգանքս իր նկատմամբ դոյզն անգամ չէր պակսէր, որովհետեւ գիտէի, որ ան անկեղծ էր եւ անսահման հայրենասէր:
Հրայրին մասին շատ երկար պէտք է գրել՝ փորձելու համար նկարագրել իր բազմակողմանի յատկութիւնները: Ան մեծ սէր կը տածէր հայ մշակոյթին, հայ լեզուին եւ գրականութեան, կրթութեան, կրօնքին եւ գիտութեանց նկատմամբ: Սակայն Հրայրի ամենամեծ յատկութիւնը իր անսակարկ ընկերութեան ոգին էր, որուն պակասը մեզմէ շատեր պիտի զգան եւ փնտռեն:
Վերջին անգամ քառասուն երեք տարիներ առաջ, նոյնքան սիրելի, երիտասարդ տարիքին լիբանանեան պատերազմին զոհուած մեր ընկերոջ՝ Սերժ Թովմասեանի դամբանականն էր, որ կարդացի Պէյրութի մէջ իր թաղման օրը: Անոնք, վստահաբար պիտի հանդիպին իրարու եւ վերյիշեն իրենց երիտասարդ հոգիներու երազանքը, որոնք այսօր, գոնէ մասամբ, դարձած են «իրականութիւն» անկախ Հայաստանով:
Հողը թող թեթեւ գայ վրադ սիրելի Հրայր:
Լոս Անճելըս