«Հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեան Հոգեւոր Երաժշտութեան Մէջ Մեր Երկրորդ Կոմիտասն Է». Արամ Ա.
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 3 Մարտի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տտճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւորեանի երաժշտական վաստակին նուիրուած Սրբազան համերգ՝ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին:
Համերգին ելոյթ ունեցան կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբերը, որոնք երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուցին Զարեհ սրբազանին ստեղծագործութիւններէն փունջ մը, ինչպէս՝ «Որ զխորհուրդ», «Նոյն եւ նման», «Աստուծոյ զաւակներ», «Ուրախ եղիր»:
Զաւէն աբղ. Նաճարեանի ղեկավարութեամբ՝ երեկոն ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»ով, որմէ ետք «Շնորհալի»ի շուրջ 50 անդամները ներկայացուցին շարականներ։ Տպաւորիչ էր նաեւ «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին ելոյթը, որ շուրջ 50 փոքրիկներով ու պատանիներով ներկայացուց շարք մը երգեր եւ շարականներ, ինչպէս՝ «Օրօր Յիսուս Մանուկին», «Բեթլեհէմի աստղիկ», «Նուէր Մանուկ Յիսուսին» եւ այլն՝ նախքան «Շնորհալի» երգչախումբին՝ ա-նոնց միանալը եւ միասնաբար «Տէր ողորմեա՛» եւ «Փառք քեզի» երգելը:
Սրբազան համերգին ընթացքին տեղի ունեցաւ հոգելոյս Զարեհ սրբազանի «Ե-րաժշտական Ժառանգութիւն» հատորներուն եւ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած եւ միաբանութեան կողմէ աշխատասիրուած «Հայ Մարդուն Հոգեւոր Երգարան»ին ներկայացումը՝ գործերուն խմբագիր Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի կողմէ: Սրբազան հայրը առաջին հերթին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին, որ ջանք չի խնայեր մշակոյթի եւ արուեստի գեղեցկութիւնները գնահատելու եւ տանելու անոնց ուղղութեամբ աշխատանք, որուն շնորհիւ լոյս տեսած էր «Հայ Մարդուն Հոգեւոր Երգարանը» հատորը: Այս գծով, սրբազանը ընդգծեց գործին կարեւորութիւնը ոչ միայն երաժշտական, այլ նաեւ իր պատմական դիտանկիւնէն, որովհետեւ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու գործերուն կողքին, հոն կը գտնուին մոռացութեան մատնուած, ինչպէս նաեւ օտարներու կողմէ իւրացուած հայկական ստեղծագործութիւններ. այս ուղղութեամբ, սրբազանը ընդգծեց հեղինակներուն անունները գտնելու համար տարուած աշխատանքին ծաւալը: Ապա, ան ներկայացուց «Երաժշտական Ժառանգութիւն» գործը ու անոր ընդմէջէն խօսեցաւ Զարեհ սրբազան երաժշտագէտին մասին, որուն երաժշտական արուեստը մասնագիտականօրէն մտածուած ու դաշնաւորուած երաժշտական ժառանգութիւն է:
Սրբազան համերգին աւարտին բեմ բարձրացաւ վեհափառ հայրապետը ու տուաւ իր պատգամը: կաթողիկոսը յայտնեց, որ հոգեպարար երեկոյեան ոգին հոգելոյս Զարեհ սրբազանն է, իսկ մղիչ ոյժը՝ երեք միաբաններ են՝ Մեղրիկ սրբազան՝ երաժշտութեան բնագաւառին մէջ իր տարած աշխատասիրութիւններով, Զաւէն աբեղայ՝ իր խմբավարութեամբ եւ Զարեհ վարդապետ՝ իր կազմակերպչական աշխատանքով:
Խօսելով հոգելոյս սրբազանին մասին՝ հայրապետը երեք հիմնական ընդգծումներ կատարեց: Առաջին հերթին ան լուսարձակի տակ առաւ Զարեհ սրբազանը՝ իբրեւ տիպար եկեղեցական, որ իր կոչումը վերածելով ապրումի ու մաքառումի՝ վարած էր նուիրական կեանք մը: Ապա ան խօսեցաւ Զարեհ սրբազանին մասին՝ իբրեւ բազմաշնորհ մտաւորական ու երաժշտագէտ, որ հայկական մշակութային արժէքները ապրեցաւ եւ լռութեամբ տագնապելով ու երազելով ստեղծագործեց՝ հեռու փառասիրութենէ: Եւ վերաջապէս, հայրապետը անդրադարձաւ Զարեհ սրբազանին մասին՝ իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատաւոր ու հաւատարիմ միաբաններէն մէկը՝ իր տոկուն նկարագիրով եւ կաթողիկոսութեան յարիր սկզբունքներով, որուն համար ան Ս. Աթոռին եւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող աստղերէն մէկը եղաւ ու միշտ կը մնայ:
Կաթողիկոսը իր խօսքը եզրափակեց՝ յայտարարելով. «Կոմիտաս վարդապետէն ետք, երաժշտական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ունեցող Զարեհ սրբազանը մեր երկրորդ Կոմիտասն է՝ հոգեւոր, մանկական ու ազգային երաժշտական բնագաւառներէն ներս իր կատարած բազմաթիւ յօրինումներով ու մշակումներով: Սա ամենայն հպարտութեամբ ու ուրախութեամբ կը հաստատենք: Թող Աստուած իր երկնային օթեւաններուն մէջ հանգչեցնէ իր հոգին»:
Համերգը փակուեցաւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ: