«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այս շաբաթավերջին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութիւնը յատուկ Կալա-ճաշկերոյթով պիտի նշէ իր գործունէութեան 35ամեակը:
Այս կազմակերպութեան շրջանային, մասնաճիւղային վարչութիւններու ու անդամներու ամէնօրեայ ժրաջան գործունէութիւնը, անոնց իրագործումները, անոնց ներդրումը տեղական համայնքային կեանքին թէ համազգային ծրագիրներու մէջ՝ հատորներ կը լեցնեն:
Այստեղ, պարզապէս ուրուագիծը կը ներկայացուի նուիրեալ հայուհիներ համախմբող Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցին 35ամեայ անգնահատելի վաստակին:
ՀՕՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանը իր շուրջ 1250 անդամուհիներով եւ 25 մասնաճիւղերով, շարունակական ներդրում ունեցած է 109ամեայ կազմակերպութեան համահայկական ծրագիրներու իրականացման գործընթացին մէջ:
Մասնաճիւղեր գոյութիւն ունեցած են Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին վրայ 1915էն սկսեալ: Անոնք նշանակալի դերակատարութիւն ունեցած են հայ իրականութենեան մէջ՝ նպաստելով ազգային կեանքի հունաւորման աշխատանքներուն:
1984ին, Լոս Անճելոսի մէջ կը գումարուէր ՀՕՄի Հիւսիւսային Ամերիկայի 64րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն ընթացքին հիմը կը դրուէր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութեան, որուն սահմաններուն մէջ կը մտնէր Միսիսիփի գետէն արեւմուտք գտնուող ՀՕՄի բոլոր մասնաճիւղերը: Այս նոր շրջանային միաւորին առաջնահերթ աշխատանքները կ՛ընդգրկէին նիւթականի ապահովում, ընկերային հարցերու լուծում, կազմակերպչական եւ յատկապէս գաղութին կարիքները գոհացնելու նախաձեռնութիւններ:
Շրջանիս մէջ իրագործուած գլխաւոր ծրագիրներն են.
ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ
16 միօրեայ վարժարաններու եւ 3 մանկամսուրներու հովանաւորութիւն, դաստիարակչական աշխատանիստներ, նիւթական միջոցներու ապահովում՝ հանգանակութիւններու ճամբով, կրթաթոշակներ արժանաւոր ուսանողներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն:
Հոգեբանական կեդրոն՝ Կլենտէյլի մէջ, ուր ծառայութիւններ կ՛ընծայուին հետեւեալ բնագաւառներէն ներս.
Անհատական եւ խմբային դարմանում, ընտանիքներու դարմանում եւ ծնողներու դաստիարակչական աջակցութիւն:
Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներ հիմնուած են 1979ին: Հոլիվուտի, Փասատինայի, Նորթ Հոլիվուտի եւ Կլենտէյլի մէջ, կառավարական յատկացումներով՝ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակները՝ իրենց պաշտօնեաներով, մօտէն կը հետեւին գաղութի այլազան կարիքներուն եւ ըստ այնմ կը ծրագրեն իրենց աշխատանքները՝ տրամադրելով իրենց օժանդակութիւնը հետեւեալ մարզերէն ներս՝ գործի հայթայթում, գաղթականներու ծառայութիւններ, այլազան ծառայութիւններ տարեցներու, անգլերէնի դասաւանդում, ուտեստեղէնի եւ հագուստի բաշխում տօնական օրերուն եւ խորհրդատուութիւն՝ ընտանեկան ու այլ հարցերու շուրջ։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ
Նիւթական օգնութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի, օգնութիւն Հայաստանի երկրաշարժէն տուժածներուն, որբերու խնամակալութիւն, բնակարաններու, դպրոցի եւ մանկապարտէզի կառուցում Նոյեմբերեանի, Կրաշէնի եւ Սարիարի մէջ, առողջապահական եւ հոգեբանական կեդրոններու հաստատում, հայրենի որբանոցներու եւ մանկապարտէզներու հիմնադրում եւ օժանդակութիւն, ակնաբուժական կեդրոններ, ատամնաբուժարաններու կառուցում, «Սօսէ» մանկապարտէզներու հովանաւորութիւն՝ Աշանի եւ Ականաբերդի մէջ:
Այսպէս, 1988ի երկրաշարժէն եւ Արցախի ազատագրական կռիւներէն մինչեւ մեր պետականութեան անկախացումը՝ ուրախ թէ տխուր օրերուն, մայր կազմակերպութեան կողքին, ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը տուած է իր կարելիէն աւելին՝ հասնելով տառապեալներուն եւ ընչազուրկ բազմութիւններու հիմնական կարիքներուն, այդ բոլորին կողքին, ինչպէս անոր Շրջանային վարչութեան ցուցմունքներով աշխատող ժրաջան յանձնախումբերը եւ մասնաճիւղերուն յարատեւ գործունէութիւնը ցոյց կու տան, երբեք չեն մոռցուած ՀՕՄականի տեղական թէ համասփիւռքեան բազմազան պարտաւորութիւնները:
Շրջանային վարչութեան աշխտանաքներուն յաջողութեան գլխաւոր ազդակ հանդիսացած են յանձնախումբերը:
Քիչ են այն կազմակերպութիւնները, որոնք երկար ու անընդմէջ տարիներ կը ծառայեն մարդկութեան: ՀՕՄը այդ քիչերուն մէջ լաւագոյններէն է, որովհետեւ ազգանուէր նպատակներ կը հետապնդէ, մարդկութեան եւ իր ժողովուրդին զարգացման ուղղուած ծրագիրներ կը մշակէ ու մեր մայրենի լեզուին, մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն արթուն պահակը կը հանդիսանայ:
Մարդասիրութիւն, ծառայութիւն, օգնութեան ձեռք, ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն՝ ասոնք են Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան գլխաւոր նպատակները: