ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ֆլորիտայէն դեմոկրատ քոնկրեսական Էլսի Լ. Հէյսթինկզ ատրպէյճանական քարոզչութեան ամէնէն վերջին խօսնակն է: Ան 25 Փետրուար 2019ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ մաս կազմեց Քոնկրեսի արձանագրութեան՝ հայերը մեղադրելով Ատրպէյճանի Խոջալու գիւղին մէջ 26 Փետրուար 1992ին, Արցախի պատերազմի բուռն օրերուն, 613 ատրպէյճանցի տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու սպանութեան մէջ: Human Rights Watch-ի զեկոյցին մէջ զոհուած ատրպէյճանցիներուն թիւը 161 էր:
Այսուամենայնիւ, ցաւալի է նոյնիսկ մէկ մարդու կորուստը՝ ըլլայ ան ատրպէյճանցի կամ հայ: Քոնկրեսական ատրպէյճանական խումբի անդամ Հէյսթինկզ այս կասկածելի սպանութիւնները կոչած էր «Խոջալուի կոտորած»:
Այս սպանութիւնները վէճի նիւթ են հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ, որոնք զիրար կը մեղադրեն կորուստներու համար:
Վերջին տարիներուն, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը այս սպանութիւնները դարձուցած է «հանրայայտ ոճիր», տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպելով ձեռնարկներ եւ հայերը մեղադրելով ոչ միայն կոտորած, այլեւ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով…։ Քարոզչական այս ձեռնարկները նիւթապէս կը հովանաւորուին ծանօթ «խաւիարային դիւանագիտութեան» միջոցով, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճան ամբողջ աշխարհի մէջ կաշառք կու տայ պետական պաշտօնեաներու՝ Ատրպէյճանը քննադատող որոշումները խոչընդոտելու կամ իր օգտին բանաձեւեր ընդունելու համար:
Հեգնական է, որ Ատրպէյճան 613 ատրպէյճանցիներու կասկածելի սպանութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, մինչդեռ անամօթաբար կը ժխտէ 1.5 միլիոն հայերու դէմ գործուած իրական ցեղասպանութիւնը՝ 1915-1923 թուականներուն:
3 Մարտ 1997ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Գլխաւոր խորհուրդի եւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն տրամադրութեան տակ դրաւ յայտարարութիւն մը՝ մերժելով «Խոջալուի իրադարձութեան մասին» 22 Փետրուար 1997ին, Ատրպէյճանի տարածած յայտարարութիւնը:
Հայաստան յիշեցուց Ատրպէյճանի այդ օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովի խօսքերը, երբ վերջինս յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի Ազգային ճակատը «աշխուժօրէն խոչընդոտած եւ փաստացիօրէն կանխած է տեղւոյն (ատրպէյճանցի) բնակչութեան հեռացումը լեռնային ճամբաներով, զորս Ղարաբաղի հայերը մասնաւոր ձգած էին՝ քաղաքացիական բնակչութեան դուրս բերումը դիւրացնելու նպատակով»: Մութալիպով այս յայտարարութիւնը ըրած էր «Խոջալուի դէպքերէն» քանի մը օր անց, չեխ լրագրող Տանա Մազալովայի տուած հարցազրոյցին մէջ, որ հրապարակուած էր 2 Ապրիլ 1992ին, ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» թերթին մէջ:
Նման քարոզչական ձեռնարկներու կազմակերպումով՝ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները շատ յարմար միջոց գտած են հակազդելու ատրպէյճանական Սումկայիթ (27-29 Փետրուար 1988), Գեանջա (Նոյեմբեր, 1988) եւ Պաքու (Յունուար, 1990) քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան:
Ատրպէյճան չէր կրնար գտնել Միացեալ նահանգներու Քոնկրեսի աւելի խայտառակ անդամ մը՝ քան Հէյսթինկզը, Հայաստանի դէմ իր քարոզչական պատերազմը իրականացնելու համար: Քոնկրեսի անդամ դառնալէն առաջ, Հէյսթինկզ աշխատած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու շրջանային կամ դաշնակցային դատաւոր 1979էն 1989 տարիներուն, որմէ ետք ան հեռացուած է պաշտօնէն:
«Ուիքիփետիա» կայքին վրայ գրուած է հետեւեալը. «1981ին (դատաւոր) Հէյսթինկզի դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ 150 հազար տոլար կաշառք ստանալուն համար՝ Ֆրենք եւ Թամըս Ռոմանոներու կողմէ, 21 իւրացումներու համար փոխհատուցուող գոյքի վերադարձի եւ մեղմ դատավճիռի դիմաց եւ այդ դատական գործին վերաբերեալ իր սուտ ցուցմունքներուն համար: 1983ին ան արդարացուեցաւ երդուեալ ատենակալներու կողմէ, երբ ենթադրեալ յանցակից Ուիլեըմ Պորտըրզ հրաժարեցաւ ցուցմունք տալէ դատարանին մէջ, որուն հետեւանքով Պորտըրզ բանտարկուեցաւ»։
«1988ին, մեծամասնութիւն կազմող դեմոկրատներու Ներկայացուցիչներու տունը զբաղեցաւ այս գործով, եւ Հէյսթինկզ պաշտօնազրկուեցաւ՝ կաշառակերութեան եւ սուտ վկայութեան համար, ձայներու 413-3 յարաբերակցութեամբ քուէարկութեամբ: Այնուհետեւ, 20 Սեպտեմբեր 1989ին, ան դատապարտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ՝ դառնալով Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ Ծերակոյտին կողմէ պաշտօնանկ եղած վեցերորդ դաշնակցային դատաւորը: Ծերակոյտը, երկու ժամ տեւած քուէրակութեամբ, կողմ քուէարկեց պաշտօնանկութեան 17 յօդուածներէն 11ին, ընդ որում դատապարտեց Հէյսթինկզը 11 յօդուածներէն ութին մէջ: Առաջին յօդուածի քուէարկութեան պատկերն էր՝ 69 կողմ, 26 դէմ…»։
Քոնկրեսական Հէյսթինկզ երկրորդ անգամ խայտառակուեցաւ, երբ Հելսինքեան յանձնախումբի պաշտօնեան, որուն նախագահը անձամբ ինքն է, զինք մեղադրեց անվայել սեռային վարք դրսեւորելու յանցանքով…։ 8 Դեկտեմբեր 2017ին «Ռոլ Քոլ» (Roll Call) թերթը յայտնեց, որ գանձապետական բաժանմունքը գաղտնի կերպով 220 հազար տոլար գումար վճարած է այդ պաշտօնեային՝ սեռական ոտնձգութեան ենթադրեալ գործը կարգաւորելու համար ընդդէմ Հէյսթինկզի:
«Քոնկրեսական յանձնախումբի անդամ Ուինսըմ Փարքըր գրաւոր իր բացատրութեան մէջ յայտնած էր, որ քոնկրեսական Հէյսթինկզ դպած է իրեն, կատարած է անբաղձալի սեռային բնոյթի գործողութիւններ եւ սպառնացած, որ կը հեռացնէ զինք իր աշխատանքէն: Իր դատական հայցին մէջ Փարքըր նշած էր, որ «Հէյսթինկզ բազմիցս խնդրած է մնալ անոր բնակարանին մէջ կամ այցելած՝ պանդոկի անոր սենեակը: Փարքըր նաեւ ըսած էր, որ Հէյսթինկզ յաճախ գրկած է զինք, իսկ անգամ մըն ալ հարցուցած, թէ ինչպիսի՞ ներքնազգեստ կը կրէ»», գրած է Roll Call թերթը: Հէյսթինկզ հերքած էր մեղադրանքը:
Վերջապէս, ի յայտ կու գայ, որ Հէյսթինկզ լայն կապեր հաստատած էր BGR Group ամերիկեան ընկերութեան հետ, որ ամսական 50 հազար տոլար կը ստանայ՝ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի օգտին լոպիինկ ընելու համար:
Ըստ դաշնակցային «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան արարք»ի (FARA) օրէնքներուն՝ իւրաքանչիւր լոպիիստական կազմակերպութիւն պէտք է արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ՝ բացայայտելով օտարերկրեայ կառոյցին հետ կնքած պայմանագիրը: Առաւել կարեւորը այն է, որ լոպիիստական ընկերութեան պաշտօնեաները պարտաւոր են Արդարադատութեան բաժանմունքին ներկայացնել որեւէ տեսակի կապ, որ անոնք ունեցած են կողմնակի մարդոց հետ՝ իրենց յաճախորդին անունով, ըլլայ այդ ելեկտրոնային նամակատուփով, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ թէ անձնական հանդիպումներու միջոցով:
Օրինակ, վեց ամսուան ընթացքին, 1 Դեկտեմբեր 2017էն մինչեւ 30 Մայիս 2018 ժամանակահատուածին մէջ, BGR-ը յայտնած էր Քոնկրեսի գրասենեակներուն հետ հարիւրաւոր շփումներու մասին: Ամէն անգամ իբրեւ շփման առարկայ նշուած է՝ «Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններ»: BGR-ը հմտօրէն ծածկած էր քոնկրեսականին կամ ծերակուտականին անունը՝ նշելով միայն իր աշխատակազմի անդամին անունը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) երկարատեւ հետաքննութիւն իրականացուցած էր՝ պարզելու համար Քոնկրեսի այն անդամներուն անունները, որոնց հետ աշխատած են այդ պաշտօնեաները: ANCA-ի հետաքննութեամբ բացայայտուած է, որ 17 Նոյեմբեր 2017 ին, 27 Փետրուար, 5 եւ 12 Մարտ, 30 Ապրիլ, 22, 23 եւ 30 Մայիս 2018ին BGR-ի լոպիիստները ելեկտրոնային նամակ ուղարկած են քոնկրեսական Հէյսթինկզի պաշտօնեայ Թամ Քարնսին:
BGR-ը նաեւ տեսակցած էր Թամ Քարնսի հետ, 30 Մայիս 2018ին: Բացի այդ, 22 Մայիս 2018ին, BGR-ի լոպիիստները ելեկտրոնային նամակ մը յղած էին Հէյսթինկզի գրասենեակի պաշտօնեայ Սուզաննա Ճեքսընի: Իսկ, 2 Նոյեմբեր 2017ին, Ռապ Մանկաս, Թիմ Հեչքինսըն,Կ. Լորի Մըքքեր, Կիլորըն Լոնկ եւ Ալպըրթ Վին, Թուրքիոյ համար գործող լոպիիստական Greenberg Traurig ընկերութեան անունով Հէյսթինկզի գրասենեակի պաշտօնեայ Լէյլ Մորիսընի հետ քննարկումներ կատարած էին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Վերջապէս, 27 Հոկտեմբեր 2017ին, Լիտիա Պորլընտ մէկ այլ՝ Թուրքիոյ համար լոպիիստական գործունէութիւն ծաւալող LB International Solutions ընկերութեան անունով, տեսակցութիւն ունեցած էր Հէյսթինկզի գրասենեակի պաշտօնեայ Լէյլ Մորիսընի հետ Միացեալ նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Զարմանալի չէ, որ քոնկրեսական Հէյսթինկզ վերջին տարիներուն D եւ D Plus ցած նիշ ստացած է ANCA-ի կողմէ Քոնկրեսին մէջ հայկական զանազան հարցերու չաջակցելուն համար:
Ատրպէյճան փորձած է քօղարկել հայերու դէմ իր կատարած յանցագործութիւնները եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները իր իրաւազուրկ քաղաքացիներուն դէմ՝ կաշառելով աշխարհի զանազան պաշտօնեաներ եւ մեղադրելով ուրիշները՝ իր իսկ յանցանքներուն համար։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ