ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Մեզի հարց կը տրուի վերջերս, թէ արդեօք հպա՞րտ ենք այն իրողութեամբ, որ մեր կուսակցութիւնը մաս կազմած է նախագահ Քոչարեանի եւ նախագահ Սարգսեանի գլխաւորած կառավարութեանց: Արդեօք «մեղաւոր» կը զգա՞նք այդ փաստին համար: Արդեօ՞ք պատրա՞ստ ենք զղջում յայտարարելու մեր անցեալի քաղաքական որոշումներուն համար՝ բաժին վերցուցած ըլլալով, այս երկու նախագահներու օրով, մեր անկախ պետականութեան կառուցման գործին մէջ:
Այս հարցադրութեան իմ անվարան պատասխանն է՝ «ԱՅՈ, հպարտ ենք առանց դոյզն վերապահութեան»: Հպարտ ենք «հարիւր տոկոս», քանի որ իւրաքանչիւր պարագային մեզ առաջնորդողը եղած է — եւ է՛ — հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահը: Ազգային գերամեծար նպատակներու վրայ համագործակցութեան դիմելու մեր աննահանջ նախանձախնդրութի՛ւնը: Մեր համագործակցութիւնը երբեք չէ եղած քաղաքական անձնատուութեան հողին վրայ: Դաշնակցութիւնը երբեք չէ եղած դիւրին գործընկեր: Ոչ նախագահ Քոչարեանի եւ ոչ մանաւանդ նախագահ Սարգսեանի հաստատութիւնները մեզ չեն դիտած որպէս իրենց գաղափարական գործընկերը: Մենք մտած ենք համագործակցութեան դաշտէն ներս մեր անկախ պետականութեան եւ մեր ժողովուրդին համար յստակ թիրախներ նուաճելու որոշումով եւ նուաճած ենք: Յաճախ «գայլ»երու որջէն ներս գործելու քաղաքական պարտադրա՛նքը յանձն առնելով:
Պատմութիւնը դեռ շատ հեռու է իր վերջին խօսքը ըսած ըլլալէ ՀՀ երեք նախագահներու վիճակացոյցին մասին: Եւ ներկայ իշխանութեան պետական այրերը եւ իրենց համախոհները վերջինը պէտք է ըլլան գնահատական տալու մեր երկրի վերջին երեսնամեակի բարդ գործընթացներուն: Թող անոնք կեդրոնանան իրենց օրակարգին վրայ եւ փորձեն պարզճակատ դուրս գալ իրենց յանձն առած գործի կնճռոտ գործընթացներէն:
Մենք այն քաղաքական ուժն ենք, որ չէ ստեղծուած հեշտ իրավիճակներու մէջ միայն գործելու առաքելութեամբ: Մեր սեւեռակէտը հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան ապահովումն է ընդդէմ բոլոր ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներուն: Մենք այն ուժն ենք, որ միշտ պիտի դիմագրաւէ այդ բարդ մարտահրաւէրները առանց տուրք տալու ամբոխային տրամաբանութեան: Մեզմէ մի ակնկալէք դիւրին ընտրութիւններ եւ կեղծ «յաղթանակ»ներ: Մենք երբեք չենք չարաշահած մեր ժողովուրդի անունն ու զգացումները: Ատոնք բոլշեւիկեան բարքեր են, որոնք տեղ չունին Դաշնակցութեան գործի աւազանէն ներս: Մենք նետուած ենք պայքարի ասպարէզ մեր ժողովուրդին համար: Եւ այդ մէկը պիտի չփոխուի:
Գործի թէժ կրակներուն մէջ, Դաշնակցութիւնը նաեւ գործած է սխալներ. համբերած է ազգային միասնականութեան սիրոյն, երբ պէտք չէր համբերեր. ուզած է պատեհութիւն տալ ազգային համերաշխութեան, երբ ան այլեւս նոր ձեւաւորում պէտք էր ստանար: Եղած են նաեւ այս ծանր պահերը: Այս գնահատականը մեր ժողովները տուած են ի գործ դնելով ամենէն խիստ չափանիշները:
Ասոնք չեն, որ կը բնորոշեն Դաշնակցութեան գործը: Դաշնակցութեան գործը ամէն օր բնորոշում կը ստանայ մեր ազգային պայքարի պատնէշներուն վրայ, ուր կը գործեն նուիրումը, խիզախութիւնը, անսակարկ յանձնառութիւնը եւ հեռահայեաց եւ իմաստուն ռազմավարութիւնը: Մեզ միշտ փնտռեցէք ժամանակի պահանջկոտ ռազմաբեմին վրայ, ուր մեր հաւաքական ճակատագիրն է եւ մեր ժողովուրդի պատմական մեծ գրաւը:
Գրիչդ թալար, ընկեր Կարօ:
Հարիւր տոկոսով համաձայն եմ այս բացատրութեան: Երանի թէ յիշէր որ դաշնակցութիւնը Լեւոն տէրպետրոսեանի կողմէ արգիլուելէն ետքն ալ, երբ նորէն քաղաքական կեանքին մէջ վերադարձաւ, չիմերժեց Լեւոնին հետ խօսելու նստիլ, հակառակ անոր, որ այդ ծախուած մարդուն հետ գործ ունենալը իմաստ չունի, եւ հիմա Նիկոլը անոր շուքին կը հետեւի, դաշնակնըրբւն դէմ իր վատութիւնը մօտիկներուն բերանով ըսել կուտայ: Երանի նաեւ ըսէր, որ հիմա, Հայաստանի մէջ համայնավարութիւնը գերեզմանէն ելած է նոր անունով, կառավարութեան մարդիկը կը խօսին եւ կը գրեն «դաշնակ շներ», ինչպէս որ 75 տարի առաջ անոնց նախահայր Գեւորգ Աբովը գրեց: Աս իրականութիւնները պէտք է լսցնէք ժողովուրդին եւ նոր մէկն ալ լռեցնէ նոր Աբովները, համայնավարութիւնը նոր անունով երկիրը քոնթրոլի տակ առած մանկապարտէզը: Պէտք է ժողովուրդին յիշեցնեէք, որ համայնավարները քանի մը անգամ թաղեցին դաշնակցութիւնը, այսօրուան նման ստախօսութիւններ տարածելով, բայց դաշնակցութիւնը կայ եւ պիտի մնայ, յաղթելու պիտի տանի ժողովուրդին
For the last 20 years ARF has been part of Robert Kocharyan’s and Serj Sarkisyan’s corrupt dictatorial government. What happened to the beautiful song “Aryounod Trosh Veh Tashnagtzutyan, Tzazane @ntem Prnagalutyan”, ARF was sleeping in the same bad with dictatorship. On December 9, 2018 parliamentary elections Armenia People did send the ARF to History’s trashcan.