«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն, մեր ամէնէն ազդու կարգախօսները մեր վերապրումը վկայող լօզունգներ էին: Կանք, դե՛ռ կանք ու պիտի շարունակենք գոյատեւել, ի հեճուկս ջարդարարին՝ պիտի շարունակենք պահպանել մեր ինքնութիւնը, պիտի շարունակենք ստեղծագործել, ապրիլ: Այս էր ոգեկոչական մեր ձեռնարկներու ոգին, մինչեւ որ հետզհետէ անոնց մէջ սկսան շեշտուելու պահանջատիրութեան ձայները:
Հայաստանի անկախութենէն ետք առաւել թափ առին պետութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքները: Հայաստանի կառավարութիւնը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրօք ոչ միայն չէր քաջալերեր, այլեւ իր կեցուածքներով յաճախ կը խանգարէր Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած յարաբերական աշխատանքները:
Յաջորդ նախագահներուն դիրքորոշումը աւելի դրական էր եւ անոնց ժամանակ հայկական դիւանագիտական հնարաւորութիւնները գործի լծուեցան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչեր հնչեցին ՄԱԿի բեմերէն, մինչեւ տարբեր պետութիւններու խորհրդարանական սրահներ:
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը անկասկած որ մտած է աւելի արդիւնաւէտ փուլ: Այսուհանդերձ, մեզ կը գոհացնե՞ն Հայ Դատի հետապնդման տեսանկիւնէն այս արդէն սահմանափակ գործողութիւնները: Ճանաչումը մեր վերջնական նպատակը չէ: Մենք գիտենք ատիկա եւ միամիտ չենք, որ չիմանանք, թէ թշնամիին ալ պարզ ու յստակ է, թէ մեր պայքարը ի՛նչ աւարտի կը ձգտի: Այո, կարելի է որոշ նկատառումներով այս հանգրուանին Հայաստանի պետական դիրքորոշումներուն մէջ չպնդենք հողային պահանջատիրութեան շեշտադրումը: Բայց մեր պարագային, այդ հարցը մարտավարական իսկ զիջման ենթակայ չէ, ոչ ալ ժամանակի ու պայմաններու թելադրանքին տուրք կրնայ տալ: Մենք եթէ նոր կարգախօսով պիտի շարունակենք մեր ճանապարհը, ապա անիկա պէտք է աւելի ուժական ըլլայ, աւելի արմատական, աւելի ամբողջական:
Կ՛առաջադրենք այս եւ այլ հարցեր աւելի հանագամանօրէն քննարկել Ապրիլեան մեր այս տարուան բացառիկ թիւին մէջ:
Հրաւիրուած էք մասնակցելու այդ քննարկումներուն: