ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քաղցկեղի աջակցութեան հայկական խումբին նախաձեռնութեամբ սկսած ներկայացումները, որոնք նպատակ ունին առողջապահութեան մասնագէտներու կողմէ կենսական տեղեկութիւններ փոխանցել քաղցկեղով տառապող հիւանդներուն, անոնց ընտանիքի անդամներուն եւ հոգատարներուն, պիտի շարունակուին 20 եւ 27 Մարտին, երեկոյեան ժամը 5։30էն 7։30, «Կլենտէյլ Մեմորիըլ»ի «Տիկնըթի Հելթ» քաղցկեղի բաժանմունքին մէջ (222 W. Eulalia Street, Glendale, CA 91204)։
20 Մարտին ներկայացումը՝ «Ապաքինելու համար հզօրացնել միտքը, մարմինը եւ հոգին» նիւթով, պիտի առաջնորդէ հայր Աստոր Ելանկէօզեան, իսկ 27 Մարտի հաւաքը՝ «Բուժման ընթանցքին կողմնակի հետեւանքներու կառավարում» նիւթով՝ տոքթ. Գալուստ Եուքար։
Արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել Ռուբինա Յարութիւնեանին՝ (626) 360-0350 թիւով։
Ի՞նչ կը նշանակէ «քաղցկեղի աջակցութեան հայկական խումբ»: Արդեօ՞ք կայ հայերու խումբ մը որ կ’աջակցի քաղցկեղին: Եւ այդ «հայկական խումբ»ը ինչպէ՞ս կ’աջակցի քաղցկեղին: Խումբի անդամներ. չէ՞ք կարծեր որ ՆԱԽ հայերէն պէտք է գիտնալ եւ ճի՛շդ բառերը օգտագործել, եւ ապա որոշել՝ «աջակցի՞լ» թէ՝ ՊԱՅՔԱՐԻ՛Լ քաղցկեղի դէմ:
Առաւել եւս, ո՞վ է «հայր Աստոր Ելանկէօզեան»ը: Եթէ կղերական է, նշեցէ՛ք իր կարքը: Եթէ ինչ-որ մէկուն հայրն է՝ գրեցէ՛ք (օրինակ) Կիրակոսի հայր Աստորը…: Ամէն պարագայի՝ մի՛ աղաւաղէք մեր արդէն իսկ չարչրկուած լեզուն: Շնորհակալութի՛ւն:
Կարգը, ոչ՝ «կարքը»: