Երկար ամիսներու արդար մրցակցութիւններէ ետք, Մարտ ամսուան 4րդ շաբաթավերջին, իրենց փառահեղ աւարտին կը հասնին Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերը, բոլորիս ծանօթ՝ ՔԱՀԱՄը: Փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 24 Մարտ 2019ին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, 17000 Haynes St., Van Nuys։
35 տարիներ անընդմէջ իրականացուող աշակերտական այս մարզախաղերը մեծ ոգեւորութեամբ կ՛ընկալուին շրջանի հայ աշակերտութեան կողմէ եւ անոնք շրջանի 50ամեայ ՀՄԸՄի ծրագիրներուն կարեւորագոյններէն մէկը կը նկատուին: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած եւ Մարզական խորհուրդին կազմակերպած այս ծրագիրը կը միտի զօրացնել շրջանի հայ աշակերտութեան մարզական ոգին, ապահովել անոնց մաքուր միջավայր, ծանօթացնել անոնց ՀՄԸՄը, նաեւ զանոնք ընդգրկել անոր շարքերուն մէջ:
Այս իմաստով, անոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծուած են նաեւ հայ աշակերտներու ծնողներուն մօտ, որոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւին իրենց զաւակներու մարզական նուաճումներուն եւ մեծ զոհողութիւններով կը փոխադրեն զանոնք Ֆութպոլի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլեթի, փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ պասքեթպոլի մրցուներու մարզադաշտերը:
ՀՄԸՄի Շրջանային մարզական խորհուրդին կողքին, ՔԱՀԱՄի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, իրենց օգտակար ներդրումը կը բերեն մասնակից վարժարաններու մարզական պատասխանատուները եւ տնօրէնները: Կարեւոր այս մարզախաղերուն կը մասնակցին շրջանի հետեւեալ ազգային եւ հայկական վարժարանները.
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարան
Հայ Քոյրերու վարժարան
ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Մեսրոպեան Ազգային վարժարան
Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարան
Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարան
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Սահակ–Մեսրոպ Հայ քրիստոնէական վարժարան
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. Եւ Մ. Յովսէփեան վարժարան
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Այս տարի, ՔԱՀԱՄի եզրափակումը առաւել հետաքրքրական դարձնելու հեռանկարով, Շրջանային վարչութիւնը նշանակած է յանձնախումբ մը, որուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է երկօրեայ փառատօն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 եւ Կիրակի, 24 Մարտ 2019ի ամբողջ օրերը, Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլի շրջափակին մէջ: Փառատօնին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը պիտի բերեն սիրուած երգիչներ Րաֆֆի Պատոյեան, Արթին Պետրոսեան, Վարանդ Աւաննէսեան, դպրոցական երգչախումբը եւ «Փաթիլ» պարախումբը:
Կասկած չկայ, որ այս արուեստագէտները հայկական ուրախ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծեն երկօրեայ փառատօնի շրջափակին մէջ: Գեղարուեստական ծրագիրին առընթեր պիտի վաճառուին նաեւ համադամ ուտելիքներ:
Կիրակի, 24 Մարտ 2019ին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, փակման յատուկ հանդիսութեամբ իրենց աւարտին հասնող աշակերտական գեղեցիկ այս մարզախաղերուն պիտի գործադրուի պաշտօնական յայտագիր, որուն վերջին բաժինով յաջորդաբար պիտի տողանցեն ՔԱՀԱՄի մրցաշարքերուն մասնակցած վարժարաններու մարզիկ աշակերտ-աշակերտուհիները, իրենց տնօրէններուն առաջնորդութեամբ: Անոնք հպարտութեամբ պիտի ստանձնեն իրենց յաղթանակները յատկանշող բաժակները:
Կասկած չկայ, որ աշակերտական գեղեցիկ այս հանդիսութեան եզակի փայլք պիտի տայ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նուագախումբը, որ ոչ միայն պիտի գլխաւորէ օրուան դրօշակի արարողութիւնը, այլ նաեւ Ամերիկայի, անկախ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներուն եւ ազգային երգերու նուագումով, մեծ ոգեւորութիւն պիտի ստեղծէ մարզադաշին մէջ:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը հաղորդէ, թէ ՔԱՀԱՄի փակման հանդիսութեան ընթացքին, պաշտօնապէս բացուած պիտի յայտարարուին նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը, որուն անհամբերութեամբ կը սպասեն ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու հազարաւոր մարզիկ-մարզիկուհիները:
«ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, իր նշանակած յանձնախումբերուն եւ շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն համագործակցութեամբ, մեծ ջանք կը թափէ շրջանի հայ երիտասարդութեան համար մաքուր միջավայր մը ստեղծելու: Այս նպատակով ալ անընդմէջ եւ առանց դադարի կը կազմակերպէ մարզական, սկաուտական, երիտասարդական եւ ընկերային զանազան ծրագիրներ, որոնք մեր երիտասարդութեան սիրտին կը խօսին եւ զբաղ կը պահեն զանոնք: Այս հեռանկարով է, որ 35րդ ՔԱՀԱՄի աւարտի օրն իսկ պաշտօնապէս բացումը կը կատարուի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերուն», ընդգծեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ակնարկուած ծրագիրները կազմակերպող յանձնախումբերուն, մասնակցողներուն եւ ՀՄԸՄը քաջալերող շրջանի հայութեան:
Համոզուած ենք, որ 23-24 Մարտի շաբաթավերջին, Birmingham High School-ը, շրջանի հայութեան ժամադրավայրը պիտի հանդիսանայ, ուր հայ աշակերտի մարզական նուաճումներուն առընթեր, մասնակիցները պիտի վայելեն երկօրեայ փառատօնը, որուն մուտքը 5 տոլար է, աշակերտներունը՝ անվճար: Տոմսերը կարելի է ստանալ մուտքին: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (323)344-4300 թիւին կամ գրել info.wusa@homenetmen.org ե-նամակի հասցէին:
ԱՐԵՆՈՒՇ