Շաբաթ, 9 Մարտ 2019ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան իւրայատուկ Կալա-35ամեակի ձեռնարկը, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ առաւել քան 600 հիւրերու:
Անահիտ Ներսիսեանի կատարողութեամբ՝ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Արշալոյս Դարբինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ հրաւիրեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը՝ աղօթելու եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարելու: Սրբազան հայրը ելոյթ ունենալով՝ անդրադարձաւ շրջանի ՀՕՄի 35 տարիներու մարդասիրական եւ բեղուն գործունէութեան: Առաջնորդըը շեշտը դրաւ ՀՕՄուհիի կերպարին վրայ եւ մեծապէս գնահատեց կամաւորի աշխատանքը ու շնորհաւորեց ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նաեւ օրուան պարգեւատրեալ Ժասիկ Ջառահեանը՝ իր համակ նուիրումին ու վաստակին համար:
Կալայի յանձնախումբի ատենապետ Վիքի Մարաշլեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութեան խօսք արտայայտեց Շրջանային վարչութեան եւ Կալայի կազմակերպիչ յանձնախումբին, ՀՕՄի բոլոր նուիրեալ անդամներուն, մոմավառներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան ՀՕՄի վերելքին:
Հիւրերու շարքին էին՝ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան,
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մաթոսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան, Հիւսիւսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Տէտէրեանի ներկայացուցիչ Տաճատ եպս. Եարտըմեան, գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեան, վերապատուելի Վաչէ Էքմէքճեան, Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները, «Ասպարէզ» օրաթերթի Անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատուրեան եւ Շրջանիս մէջ միութիւններու ներկայացուցիչները:
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորանքի եւ բարի երթի մաղթանքները արտասանեց Մարալ Մաթոսեան, որ ըսաւ. «Հաւաքուած ենք հոս տօնախմբելու հայ կնոջ հաւաքական նուիրաբերման ազնուագոյն կերպարը հանդիսացող՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանի 35ամեակը եւ պարգեւատրելու երկար տարիներու վաստակաւոր ու նուիրեալ անդամ Ժասիկ Ջառահեանը»:
«Կազմակերպութեանս ամենագործօն միաւորներէն մին է Արեւմտեան շրջանը, որ պարտաճանաչօրէն գիտակից հանդիսացաւ՝ ստանձնելու ու պատիւով կատարելու իր ուսերուն վրայ դրուած բոլոր պարտաւորութիւնները եւ նոյն հաւատքով ու նուիրումով կը շարունակէ ծառայել՝ յանուն մեր գաղութներու բարօրութեան, ըլլալով անոր անխորտակելի ամրոցներէն մին։ Արեւմտեան շրջանը կը մնայ օրինակելի՝ բարձր պահելով ՀՕՄի վարկը հայ թէ օտար լայն շրջանակներու մէջ», աւելցուց Մաթոսեան:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով Մարալ Մաթոսեան շնորհաւորեց շրջանի 35ամեայ երթը, յաջորդական Շրջանային վարչութեանց ղեկավարութիւնը, ժրաջան ընկերուհիները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ գալիք տասնամեակներուն:
Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին եւ իրենց շնորհաւորական խօսքերն ու գնահատագիրները փոխանցեցին ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի 35ամեակի առիթով եւ օրուան պարգեւատրեալ Ժասիկ Ջառահեանին՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեան եւ Լորա Ֆրիտմըն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէլի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ Վրէժ Աղաճանեան, Վարդան Կարապետեան եւ Փաուլա Տիվայն, իսկ Քոնկրեսական Ատամ Շիֆի խօսքը փոխանցեց Մարի Յովակիմեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր 35 տարիներու տքնաջան աշխատանքին ամբողջ պատմութիւնը, մոմավառներու, նուիրատուներու եւ յաջորդական Շրջանային վարչութեանց անուանացանկը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ Ժասիկ Ջառահեանի մասին տեսաերիզ մը՝ ներկայացնելով անոր կեանքն ու գործը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Սիլվա Փօլատեան։
«35 տարիները պարզ թիւեր չեն, այլ անոնք փունջ մըն են կամաւոր աշխատանքի, նուիրումի, ծառայութեան, ազգապահպանման եւ մարդկային առաքելութեան», ըսաւ Փոլատեան եւ յիշեց ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի առաջին Շրջանային վարչութեան անդամները, մեզմէ առ յաւէտ հեռացած ատենապետը՝ Ալիս Մատէնլեանը, հանգուցեալներ Աննիկ Սահակեանը եւ Աննա Գէորգեանը: Ողջունեց ընկերուհիներ Յասմիկ Տէրտէրեանը, Մաքօ Մկրտիչեանը, Ալիս Կիւրեղեանը եւ Աննիկ Զինտարզեանը, որոնք արժանի են ամենայն յարգանքի: «35ամեակը անխոնջ աշխատանքի, նուիրումի եւ զոհաբերութեան յաղթանակի օրն է այսօր» ըսաւ ան:
Փօլատեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կալա-ձեռնարկի հովանաւոր՝ Ընտանիքի Փրկութեան հիմնադրամի նախագահ Նազ Աթիքեանին, որ ստանձնեց ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորի պաշտօնը:
ՀՕՄի 35ամեակին նուիրուած այս կալային ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրեց իր երկար տարիներու անդամ եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանը՝ իր անսահման նուիրումին, անխոնջ աշխատանքին եւ բեղուն գործունէութեան համար: Շրջանային վարչութեան ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Ջառահեանին:
Գնահատանքի ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Ժ. Ջառահեան. ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Աստծոյ, ապա յայտնեց, թէ կը խոնարհի անցեալի եւ ներկայի Շրջանային վարչութեանց անդամներուն, անցեալի եւ ներկայի գործակիցներուն, ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտանիքի անդամներուն՝ սիրելի դստեր Պիանգային, փեսային Արթին Մանուկեանին, թոռնիկներուն Արամին եւ Սեւանային, եղբօր Կարէն Պոնեադեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք շարունակ նեցուկ կանգնած են իրեն: Ջառահեան յայտնեց, թէ իր միակ խնդրանքն է Աստուծմէ, որ մեր հայրենիքի ու Արցախի հզօր ժողովուրդը իրենց արժանի կեանքը ունենան, զինուորները ուրախ տուն դառնան եւ ոչ մէկ մօր աչքը արցունք չտեսնէ: Ջառահեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայի Շրջանային վարչութեան անդամներուն՝ ըսելով, թէ «դժուար տարեշրջան էր, սակայն միասնականութեամբ յաղթահարեցինք բոլոր դժուարութիւնները»:
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ մոմավառութեան խորհրդաւոր արարողութիւնը, կարկանդակի հատումը եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ալլէն Ճի նուագախումբի արուեստագէտ-երաժիշտները:
Առ ի երախտագիտութիւն ծառայութեան եւ կամաւոր աշխատանքի, Շրջանային վարչութիւնը սրահի մուտքին տուչութիւնը կատարեց նախկին Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ նուիրեց 35ամեակի խորհրդանշանով զարդասեղներ:
Կոչումն ու առաքելութիւնը կը մնան նոյնը, կը մնան կամքը եւ յաջողութեան պարզ գաղտնիքը, ՀՕՄականներու աշխատանքի նուիրումը, ծառայութիւնը եւ գործը: