Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը, ՀՅԴ Ազատամարտիկներու յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-Հասկը եւ Համազգայինը 30 Մարտի առաւօտեան ժամը 11ին, Եռաբլուր պանթէոնին մէջ պիտի կազմակերպեն միացեալ ծառատունկ՝ ի յիշատակ Ապրիլեան պատերազմի զոհերուն:
Ձեռնարկին ընթացքին Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկը, որ կը զբաղի Հայաստանի մէջ արեան հիւանդութիւններով տառապող երեխաներու բուժումով, յատուկ տաղաւարի մը մէջ պիտի իրականացնէ կամաւորներու արձանագրութիւնը:
Աւելցնենք, որ արիւն տալը անվնաս եւ առանց ցաւի գործընթաց է, կը տեւէ քանի մը վայրկեան, սակայն համապատասխանութեան յայտնաբերման պարագային կեանքեր փրկելու կարելիութիւն կը ստեղծէ:
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանգուցեալ ՀՕՄուհիներու, զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: