ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարուան Յունուար-Փետրուար ամիսներուն, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը (ՏԱՑ) Հայաստանի մէջ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ աճած է 6.5 տոկոսով:
Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ միայն Փետրուարին, նախորդ տարուան նոյն ամսուան հետ համեմատած՝ ՏԱՑը աճած է 7.6 տոկոսով: Յունուարին հետ համեմատած՝ ՏԱՑի աճի կշռոյթը արագացած է. Յունուարին աճը եղած է 5.5 տոկոս:
Տնտեսական աշխուժութեան աճին նպաստած են արդիւնաբերութիւնը, շինարարութիւնը, առեւտուրի շրջանառութիւնը եւ ծառայութիւններու ոլորտը:
Արդիւնաբերութիւնը Յունուար-Փետրուարին աճած է 1.9 տոկոսով: Այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը Հայաստանի մէջ ընթացիկ գիներով եղած է 262.9 միլիառ դրամ:
Շինարարութեան աճը եղած է 21.6 տոկոս: Այս երկու ամիսներուն շինարարութեան ծաւալները կազմած են 25.1 միլիառ դրամ:
Առեւտրաշրջանառութեան աճը եղած է 13.1 տոկոս:
Ներքին առեւտուրի շրջանառութիւնը այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն եղած է 412 միլիառ դրամ: Ծառայութիւններու ոլորտին մէջ աճը եղած է 17.5 տոկոս: Ծառայութիւններու ծաւալը Յունուար-Փետրուարին եղած է 268.4 միլիառ դրամ: