ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿը հետազօտութիւն մը հրապարակեց՝ ներկայացնելով Սուրիոյ 16 քաղաքներու եւ գիւղաքաղաքներու մէջ արձանագրուած քանդումի աստիճանը, որ հետեւանք է քաղաքացիական պատերազմին։ Արբանեակային նկարներու վերլուծումով եւ բաղդատութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւնը նկատի առած է շէնքերուն կրած վնասներու աստիճանը։ Հետազօտութեան համաձայն՝ Հալէպ ռմբակոծութիւններու հետեւանքով ամէնէն շատ քանդումի ենթարկուած քաղաքն է, ուր քանդուած շէնքերուն թիւը կը հասնի 36,000ի։ Անոր կը յաջորդէ Դամասկոսի Արեւելեան Ղութա արուարձանը՝ 35,000 քանդուած շէնքերով։ Երրորդ դիրքին վրայ է Հոմս քաղաքը, ուր ոչնչացած են 17,000 շէնքեր, իսկ Ռաքքայի մէջ քանդուած են 12,000 շէնքեր ու Տէր Զօրի մէջ՝ 6400 շէնքեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.