ՄԱՏՐԻՏ, «Թելեկրաֆ».- Սպանիոյ կառավարութիւնը «կտրուկ մերժում»ով հակադարձեց այս շաբթուան ընթացքին Մեքսիքայի նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփեզ Օպրատորի այն պահանջին, թէ Սպանիոյ իշխանութիւնները պէտք է լիարժէքօրէն ճանչնան 500 տարի առաջ Մեքսիքա ներխուժման ու անոր յաջորդող գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին գործուած ոտնձգութիւնները եւ ներում հայցեն Մեքսիքայի բնիկներէն՝ «անոնց մարդկային իրաւունքները ոտնահարող այդ արարքներուն համար»:
Մեքսիքայի նախագահը նման պահանջ մը ներկայացուց նաեւ Վատիկանին՝ դատապարտելով «սուրով եւ խաչով կատարուած ներխուժումին ընթացքին տեղի ունեցած ջարդերն ու բռնաճնշումը»:
Սակայն, Մատրիտ պնդեց, թէ «500 տարի առաջ սպանացիներուն մեքսիքական հողեր հասնիլը կարելի չէ դատել արդիական նկատառումներու լոյսին տակ»: