ԼՈՆՏՈՆ.- Ընկերվար Միջազգայնական կազմակերպութիւնը 27 Մարտին յայտարարութիւն մը տարածեց Կոլանի Բարձունքները Իսրայէլի տարածք համարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին վերաբերեալ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր հրամանագիրով Կոլանի Բարձունքները ճանչցաւ՝ իբրեւ իսրայէլեան տարածք: Այս որոշումը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն, որոնց մէջ ընդգծուած է. «Պատերազմի միջոցով տարածքներ նուաճելու անթոյլատրելիութիւնը եւ արդար ու կայուն խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, որուն պայմաններով կ՛ապահովուի այդ շրջանի իւրաքանչիւր պետութեան ապահովութիւնը»:
Ընկերվար Միջազգայնականը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ լուծման այն տարբերակին, որ կ՛երաշխաւորէ, որ Իսրայէլ եւ Պաղեստին՝ իբրեւ երկու պետութիւններ, կողք-կողքի ապրին, խաղաղ եւ ապահով պայմաններու մէջ: Նոյն ժամանակ, մենք հաւասարապէս յանձնառու ենք ապահովելու Սուրիոյ ժողովուրդին ապագայ խաղաղութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութիւնը»: