ՖՐԵԶՆՕ.- Հինգշաբթի, 11 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), ուսումնասիրող եւ լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեան պիտի ներկայացնէ իր նոր հատորը՝ «The Armenian Highland: Western Armenia and The First Armenian Republic of 1918» («Հայկական Բարձրաւանդակ. Արեւմտեան Հայաստան Եւ 1918ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը»):
Լուսանկարչական-պատմական այս հատորը կեդրոնացած է գլխաւորաբար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս մնացող տարածքներուն վրայ, որոնք ներկայիս ծանօթ են իբրեւ Պատմական Հայաստան կամ Արեւմտեան Հայաստան անուններով, իսկ անցեալին կը կրէին Հայկական Բարձրաւանդակ անուանումը:
Հատորին լուսանկարները կու տան 1997-2018ի միջեւ Քարանեանի դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած շարք մը ճամբորդութիւններէն:
Ասպարէզով իրաւաբան Մեթիու Քարանեան շրջան մը Հայաստան ապրած է եւ դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանին, որ կը շնորհուի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց սերտացման նպաստողներուն։
Հատորէն օրինակներ տրամադրելի պիտի ըլլան ներկայացման ընթացքին։
Ներկայացման մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել թիւ P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի գրասենեակէն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: