ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Հինգշաբթի, 11 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ուղեղի ջղաբջիջներու միջեւ հաղորակցութիւնը լոյսի օգտագործումով ջղային հիւանդութիւններ բուժելու նորագոյն հնարքներուն մասին ներկայացում մը, առաջնորդութեամբ այս մասնագիտութան մէջ դոկտորական թեկնածու՝ Այտա Բարեկամեանի:
Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին հասցէն է՝ 117 South Louise Street, Glendale, CA 91205:
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ ըլլալով՝ կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել դիմելով՝ events@aesa.org հասցէին: