Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահ ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Սասուն» ջոկատի հրամանատար Սասուն Միքայէլեան:
Միութեան նախագահ ընտրուելէն ետք ան պաշտօնապէս երդուեց ծառայել ժողովուրդի շահերուն: «Ես պաշտպանելու եմ մեր բոլորիս պատիւը, թող ոչ ոք չկասկածի: Մենք ունենք գերնպատակ՝ վերադարձնել մեր պատիւը, ծառայել Արցախ աշխարհի, մեր զինուորների հզօրացման համար», երդուելէն ետք իր խօսքին մէջ ըսաւ Միքայէլեան:
ԵԿՄ 12րդ արտահերթ համագումարին նաեւ որոշուեցաւ կրճատել վարչութեան անդամներու թիւը՝ 186ը վերածել 25: ԵԿՄ նոր վարչութեան մէջ իւրաքանչիւր մարզէ մէկական ներկայացուցիչ ընդգրկուեցաւ:
Երկրապահ կամաւորականներու միութեան վարչութեան մարզային ներկայացուցիչներն են՝ Մանուէլ Օհանեան (Սիւնիք), Յովիկ Օհանեան (Վայոց Ձոր), Արամ Սարգսեան (Արարատ), Մուկուչ Սափէյեան (Արագածոտն), Բարսեղ Բարսեղեան (Շիրակ), Գառնիկ Միքայէլեան (Կոտայք), Գագիկ Խաչատրեան (Գեղարքունիք), Սամսոն Խաչատրեան (Լոռի), Անդրանիկ Մկրտչեան (Երեւան), Վարդան Պետրոսեան (Տաւուշ) եւ Ռուստամ Գասպարեան (Արմաւիր):
Վարչութեան միւս անդամներն են՝ Սասուն Միքայէլեան, Մանուէլ Եղիազարեան, Վաղարշակ Յարութիւնեան, Անդրանիկ Քոչարեան, Արա Կէտիկեան, Ղուկաս Ուլիխանեան, Սուրէն Բարսեղեան, Յակոբ Յակոբեան, Մարտին Կարապետեան, Արմէն Մխիթարեան, Մանուէլ Յովսէփեան, Խաչիկ Գալստեան, Հրանդ Սարգիսով եւ Ստեփան Նիկողոսեան: