ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Արցախփրէս»ը կը հաղորդէ, որ 7 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Աստուածամօր Ս. Հովանի Մայր տաճարի օծման պաշտօնական արարողութիւնը, զոր կատարեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
«Արցախի գողտրիկ երկրամասում վեր խոյացած հայոց հաւատքի նոր վկայարանի հիմնարկէքը մենք կատարեցինք 2006 թուականին՝ հաւատով, որ Աստուած միշտ մեզ հետ է, եւ ձեռքբերումներ ու յաղթանակներ է պարգեւում մեր բոլոր բարի ձգտումների համար: Մեր ժողովրդի ժառանգած ջանքերով վեր խոյացած այս եկեղեցին Աստծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհով նոր ղօղանջը պիտի դառնայ մեր հաւատքի ու յաղթական ոգու, նաեւ ազդարարողն Արցախի մեր ժողովրդի ազատ ու անկախ կեանքի անօտարելի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ մեր քրիստոնէական հաւատքի ու ազգային ինքնութեան անխորտակելի շաղկապուածութեան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յայտնեց, որ Արցախ կը գտնուին՝ վերստին վկայելու, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պարտադրուած պատերազմներուն, աւերին ու կոտորածին, կարելի չէ ընկճել հայու հաւատքը եւ ոգին, որովհետեւ Աստուած հայուն հետ է:
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին դիմելով՝ Գարեգին Բ. ըսաւ. «Տարիներ շարունակ ջանք ու եռանդ չէք խնայել Արցախի հոգեւոր կեանքի զարթօնքի եւ զօրացման համար, ինչպէս եւ Արցախի սրտում այս եկեղեցու կառուցման նուիրական գործն աւարտին հասցնելու համար: Թող Աստուած շնորհի ձեզ քաջ առողջութիւն, օրհնութիւններ, ամենայն բարիք: Այս նուիրական եւ աստուածահաճոյ գործի իրականացման համար մեր գնահատանքն ենք յայտնում նաեւ Արցախի իշխանութիւններին, հայրենանուէր հովանաւորներին, որոնց օգնութեամբ եւ օժանդակութեամբ իր դռները բացեց Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր տաճարը»:
Գարեգին Բ. արարողութեան ընթացքին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին նուիրեց եպիսկոպոսական պանակէ, իսկ Մայր Աթոռէն Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր տաճարին՝ Աուրբ Ծննդեան տեսարանով սրբապատկեր մը, իսկ մայր տաճարի կառուցման առաջին բարերար լուսահոգի Հրանդ Վարդանեանի երկու որդիներուն՝ Կարէնին եւ Միքայէլին՝ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշան:
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, իր կարգին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին յանձնեց 17րդ դարու սկիհ մը:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ անոր տիկինը, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, մայր տաճարի հովանաւորներ, հիւրեր Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, հաւատացեալներ եւ ուրիշներ:
Նշենք, որ բազմանկիւն եւ եռայարկ եկեղեցւոյ բարձրութիւնը շուրջ 40 մեթր է, խաչին բարձրութիւնը՝ 3 մեթր: Ճարտարապետը Գագիկ Երանոսեանն է: