ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան անյետաձգելի բժշկական օգնութեան «արագ արձագանգման» ծառայութիւնը հանրապետութեան հեռաւոր մարզէն ուղղաթիռով առաջին հիւանդը 8 Ապրիլին փոխադրեց Երեւան՝ «Էրեբունի» հիւանդանոց:
Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հիւանդը 13ամեայ պատանի մըն է, որ արկածի մը իբրեւ հետեւանք բազմաթիւ վէրքեր ունեցած է:
«Զանգը ստանալուն պէս, «Էրեբունի» ԲԿ շտապօգնութեան ծառայութեան բրիգադն (վաշտը-Խմբ.) ուղղաթիռով մեկնել է երեխային բերելու: Տեղում հիւանդն անմիջապէս միացուել է արհեստական շնչառական սարքին, տեղադրուեց պարանոցային օձիք, կատարուել դեղորայքային միջամտութուն՝ ցաւազրկում: Ամբողջ թռիչքի ընթացքում նորմայի (չափանիշի-Խմբ.) սահմաններում են եղել հեմոդինամիկ տուեալները: Տեղափոխումն իրականացուել է առանց խնդիրների», գրուած է «Էրեփունի» հիւանդանոցին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Զանգից 2 ժամ անց, երեխան արդէն գտնւում էր Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կենտրոնում: Սա առողջապահութեան նախարարութեան նոր ծրագրով իրականացուող առաջին դէպքն էր, որով հնարաւոր եղաւ մի քանի անգամ կրճատել ժամանակը, արագ եւ մասնագիտական բուժօգնութիւն ցուցաբերել հիւանդին», մանրամասնած է «Էրեբունի» հիւանդանոցի հաղորդագրութիւնը: