ԵՐԵՒԱն.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը տարուան ընթացքին կը նախատեսէ իրականացնել միջազգային գիտաժողովներ, հրատարակել ցեղասպանագիտական հանդէսներ, իրականացնել մեթոտական սեմինարներ եւ ժամանակաւոր ու հիմնական ցուցադրութիւններ:
Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, 17 Ապրիլին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեան:
«Նպատակս է կարգաւորել թանգարան-հիմնարկի աշխատանքները եւ անոնց նոր լիցք հաղորդել: Իմ պաշտօնավարման կարճ ժամանակահատուածին թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած են մասնաւորապէս կառուցուածքային փոփոխութիւններ. յստակացած են բաժիններու գործառոյթները, ձեւաւորուած են նոր բաժիններ: Այսօր, թանգարանին մէջ կան երեք գիտահետազօտական բաժիններ՝ յուշագրութիւններու, վաւերագիրի եւ մամուլի ուսումնասիրութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու փաստագրման եւ տուեալներու հաւաքագրման եւ համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժին», յայտնեց Մարութեան:
Անդրադառնալով գիտահետազօտական աշխատանքներուն՝ Մարութեան ըսաւ, որ կազմուած է նոր գիտահետազօտական խորհուրդ: Առաւել քան մէկ տարի գիտական խորհուրդը չէ գործած, սակայն հիմա արդէն իսկ գումարուած են երկու նիստեր:
Խօսելով հանդէսներուն մասին՝ տնօրէնը յիշեցուց, որ ցեղասպանագիտական հանդէս-պարբերականը, որ կը հրատարակուի տարին երկու անգամ, 2018ին լոյս չէր տեսած: «Մենք մէկ ելեկտրոնային տարբերակ հրատարակեցինք նախորդ տարուան վերջաւորութեան, իսկ թղթային տարբերակը՝ քանի մը շաբաթ առաջ: Այս տարի եւս երկու ցեղասպանագիտական հանդէս պիտի հրատարակենք, մէկը՝ անգլերէն: Այդ ամսագիրները համապատասխանեցուցած ենք միջազգային չափանիշներուն», շեշտեց ան:
Թանգարանը կը նախատեսէ տարուան ընթացքին իրականացնել առնուազն մէկ միջազգային գիտաժողով: Այս տարուան Նոյեմբերին պիտի կազմակերպուի «Հայոց փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. 1915-23 թուականներ» միջազգային գիտաժողովը:
Յաջորդ տարի պիտի իրականացուի միջազգային գիտաժողով Գանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանին եւ լեհական Փիլեկի ուսումնարանին հետ համագործակցութեամբ:
Յարութիւն Մարութեան կարեւոր համարեց գիտացուցադրական աշխատանքները եւ նշեց, որ նախորդ տարի տեղի ունեցած են հինգ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ: «Կը նախատեսենք 23 Ապրիլին բանալ «Հայոց Ցեղասպանութեան 150ամեայ վկաները. Կոմիտաս Վարդապետ եւ Յովհաննէս Թումանեան» խորագիրով ցուցահանդէսը, գիտաժողովներու դահլիճին կից նախասրահին մէջ, պիտի պատրաստենք մշտապէս գործող փոքր պատկերասրահ մը, ուր պիտի ցուցադրենք ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ժանսեմի գործերը, զորս ան նուիրած է թանգարանին», յայտնեց տնօրէնը:
Ան տեղեկացուց, որ նպատակ ունին թանգարանին մէջ նոր ուղղութիւն՝ օսմանագիտութիւն բերելու: «Գաղտնիք չէ, որ ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն մեծ մասը օսմաներէն է: Հայաստանի մէջ կան շատ քիչ մասնագէտներ, որոնք կը կարդան ձեռագիր օսմաներէն: Մենք պիտի փորձենք մասնագէտներու միջոցով հասկնալ արխիւային նիւթերուն շրջանակը, ապա ձեռնամուխ ըլլալ անոնց թարգմանութեան ու հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացնելուն», եզրափակեց Յարութիւն Մարութեան:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը Դեկտեմբեր 2017էն սկսեալ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով դարձած է հիմնարկ: Թանգարանը կը կառավարուի հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ, որ 15 անդամ ունի: Խորհուրդի նախագահն է ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ Ռայմոնտ Գէորգեան: Հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ չկան գործարարներ:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ այժմ կ՛աշխատին 82 անձեր: