ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 27 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, հայկական դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը տեղի պիտի ունենայ «Ապրիլ» գրատան մէջ, կատարողութեամբ «Վէմ» համոյթին։
Պիտի կատարուին Կոմիտասէն, Խաչատուրեանէն, Շուպերթէն, Մանսուրեանէն եւ Յովհաննէսեանէն ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ Թէքէեանի նուիրուած Արտաշէս Քարթալեանի մէկ ստեղծագործութեան անդրանիկ նեկայացումը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան համատեղ ջանքերով։
Տոմսերու սակը 20 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը:
Ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը պիտի նուիրուի Քայլիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայկական երաժշտութեան ծրագիրին, որուն հիմնաքարը կը նկատուի «Վէմ»ը։
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին, կամ noor@abrilbooks.com հասցէին: