ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հայկական երեսփոխանական խմբակը 18 Ապրիլին գումարեց իր ընթացիկ նիստը՝ նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ներկայութեամբ խմբակի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:
Հայկական երեսփոխանական խմբակը կոչ ուղղեց՝ խիտ շարքերով մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին առիթով 24 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6ին տեղի ունենալիք քայլարշաւին, որ սկիզբ պիտի առնէ Պուրճ Համուտէն եւ հասնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճար, Անթիլիաս:
Հայկական երեսփոխանական խմբակը կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան՝ 24 Ապրիլը յայտարարելու Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման լիբանանեան ազգային օր:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան նաեւ ընդհանուր առմամբ երկրին տնտեսական կացութիւնը, ի մասնաւորի՝ 2019ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ անոր բովանդակելիք կրճատումի քայլերը՝ նուազեցնելու համար նիւթական բացը: Խմբակը հաստատեց լիբանանցի քաղաքացիին, յատկապէս համեստ եւ միջին դասակարգերուն, ինչպէս նաեւ սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն ապրուստը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Զեղծարարութեանց դէմ մղուած պայքարի շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական խմբակը զօրակցութիւն յայտնեց համապատասխան իշխանութիւններուն որդեգրած բոլոր քայլերուն՝ հաստատելով, որ խմբակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու այդ պայքարին՝ վարչական գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելով, քաղաքացիին ծառայելով, օրէնքը գործադրելով եւ պետական վարչութիւններու գործառնութիւններուն մէջ պարկեշտութեան եւ թափանցիկութեան յանձնառու մնալով:
Հայկական երեսփոխանական խմբակը վերահաստատեց բնակարանային վարկերու ապահովումը վերաշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Հայկական երեսփոխանական խմբակը շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները՝ անոնց փոխանցելով ջերմ մաղթանքներ եւ Լիբանանին մաղթելով կայունութիւն, բարգաւաճում եւ յառաջդիմութիւն: