ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Լիպիական «Այն» կայքը տեղեկացուց, որ Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրեց միջազգային յարաբերութիւններու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Հատի Հուէյճի առաջարկը՝ ընդունելու 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Կառավարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ ներկայիս, Լիպիոյ նախարարներու խորհուրդի օրէնսդրական տնօրէնութիւնը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու որոշում մը, որուն համաձայն, Լիպիոյ մէջ այսուհետեւ ամէն տարի, Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչուի: