ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Թուրքիոյ դէմ նոր վճիռ մը արձակեց՝ 10,000 եուրոյի վնասուց հատուցում պահանջելով երկրին Սահմանադրական դատարանի նախկին անդամ Ալփարսլան Ալթանը ապօրինի կերպով բանտարկելու որոշումին համար:
Դատաւորը թրքական ատեանի մը կողմէ ամբաստանուած էր Թուրքիոյ մէջ «ահաբեկչական» համարուող Կիւլենի համայնքին հետ կապեր ունենալու յանցանքով:
Եւրոպական ատեանը հաստատեց, թէ թրքական իշխանութիւնները դատապարտեալին դէմ ապացոյցները հաւաքած են միայն զայն կալանաւորելէ ետք։
Ալթան ձերբակալուած էր 15 Յուլիս 2016ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն մէկ օր ետք եւ թրքական դատարանը զայն 11 տարուան բանտարկութեան դատապարտած էր: