
ԵՐԵՒԱՆ, ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս», «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի ստորագրութեամբ կեանքի կոչուած էր այն որոշումը, որուն շնորհիւ 24 Ապրիլը Ֆրանսայի մէջ այսուհետեւ պիտի նշուի՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր։
Այս տարուան 24 Ապրիլին գործադրութեան դրուեցաւ որոշումը։ Նախագահ Մաքրոն «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «24 Ապրիլին. մենք պաշտօնապէս կ՛ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, որպէսզի յիշենք որ մարդը ընդունակ է վատագոյնին, երբ կը մոռնայ, թէ ի՛նչն է որ զինք կը կապէ իր դրացիին հետ։ Հետեւողական պէտք է ըլլանք, որպէսզի պատմութիւնը չկրկնէ այդ սխալները»։
Նաեւ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութիւններուն մասնակցեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ, որ ծաղիկներ զետեղեց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ։
«Մենք կը ձգտինք պատմական ճշգրտութեան եւ հաշտութեան: Հայերը սպաննուած են, որովհետեւ անոնք ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւն մըն էին: Այս օրը յայտարարելով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր՝ Ֆրանսա մտադիր է իր ներդրումը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութեան ճանաչման գործին մէջ: Ես կը մտածեմ հայկական ծագում ունեցող մեր բոլոր հայրենակիցներուն մասին, որոնք չեն մոռանար իրենց ծագումը եւ պատմութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը խաղաղութեան օր է, անիկա չի նշուիր ի վնաս այլ ազգի մը», յստակացուց Ֆիլիփ:
Ապա, Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին մօտաւորապէս 500 անձեր, ներառեալ՝ քաղաքական, հասարակական, հոգեւոր եւ մշակութային մարզերէ յայտնի գործիչներ։
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի նախաձեռնութեամբ՝ 24 Ապրիլին, յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցած երկրին զանազան քաղաքներու մէջ:
Նշենք նաեւ, որ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը «Թուիթըր»ի պաշտօնական էջին վրայ գրառում մը կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին վերաբերեալ՝ նշելով. «Յիշատակի այս օրը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը բոլորովին կը կիսէ հայ ժողովուրդի ցաւը եւ տոկունութիւնը: Պահպանել յիշողութիւնը՝ կը նշանակէ յարգել զոհերուն յիշատակը»:
«ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱ»Ն՝ ՅՈՒՍԱԽԱԲ
Տխրահռչակ Տողու Փերինչեքի գլխաւորած նոյնքան եւ առաւել տխրահռչակ Թալէաթ փաշայի անունը կրող «կոմիտէ»ի եւրոպական թեւը շեփորով, թմբուկով յայտարարած էր ժխտողական ցոյց մը 20 Ապրիլին, Սթրազպուրկի մէջ, Մարդկային իրաւանց Եւրոպական ատեանին առջեւ: Այդ հաւաքին նպատակն էր՝ բողոքել նախագահ Մաքրոնի՝ 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր հռչակելու որոշումին դէմ: Նախատեսուած էին հանրակառքեր Եւրոպայի չորս անկիւններէն՝ ցոյցին թուրքեր «հոսեցնելու» համար: Սակայն, ի մեծ յուսախաբութիւն կազմակերպիչներուն՝ տեղի չունեցաւ ակնակալուած այդ «հոսքը»: Արդարեւ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ զանազան քաղաքաներէ հոն փութացած ցուցարարներու թիւը հազիւ թէ հասաւ հարիւրի:
Միւս կողմէ, հայ երիտասարդները պատասխանեցին թրքական ժխտողական ցոյցին եւ անկէ քանի մը մեթր անդին հաւաքուած հայ երիտասարդական «Հայորդի» շարժումի շուրջ երկու տասնեակ տղաքը պախարակեցին թուրք ազգայնականները: