Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի Մայր տաճարին մէջ, որ ծանօթ է նաեւ Սուրբ Երրորդութեան տաճար անունով, բացուեցաւ հայկական խաչքարերուն նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որ պիտի տեւէ ամբողջ Մայիս ամսուան ընթացքին:
Ըստ CatholicIreland.net կայքին՝ ցուցահանդէսը բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին առիթով: Ցեղասպանութեան նահատակներուն ոգեկոչման ա-րարողութեան տաճարին մէջ ներկայ եղան Իրլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան, Հայոց թեմէն Յովակիմ եպս. Մանուկեան:
Լուսանկարչական ցուցահանդէսը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ այցելուներուն՝ հետաքրքրական տուեալներու տեղեկանալու հայկական խաչքարերու եւ աւանդական իրլանտական խաչ-յուշարձաններու նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մասին: